ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ

Տխուր պատկեր էր այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ առաւօտ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքի գլխաւոր մուտքին դիմաց։ Ոստիկանութիւնը, որ ընդդիմութեան հաւաքին զգօն կերպով կը հետեւէր, վերջին պահուն, չես գիտեր ի՛նչ տրամաբանութեամբ եւ դատապարտելիօրէն՝ ուժ գործադրեց բողոքի մասնակիցներուն դէմ։ Մինչ հաւաքի աւարտին պատահած ողբերգական իրադարձութիւններուն անդրադառնալու, հարկ է նշել, որ ցոյցը  կազմակերպուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) երիտասարդական թեւին կողմէ։ Հաւաքը ունէր խորհրդանշական բնոյթ ու ձեւով մը հանրութեան ուղղուած յիշեցում մըն էր՝ առ այն, որ Փաշինեան ընդհանրապէս սպառած քաղաքական կերպար մըն է։ Հաւաքի ընթացքին Դաշնակցական երիտասարդներ յաջորդաբար խօսք առնելով ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեցին Փաշինեանին: Անոնք մանրամասնութիւններով թուարկեցին Արցախի պատերազմի ընթացքին ապրուած դէպքերը՝ ընդգծելով, որ Փաշինեան այսօր կը մարմնաւորէ թոյլ ու անպատասխանատու եւ մա՛նաւանդ՝ անողնայար ղեկավարի մը կերպարը: Ցուցարարները նշեցին նաեւ, որ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Փաշինեանի գործած սխալները կասկածի տեղի տուած են, թէ ան մասնակից է Շուշիի յանձնման: Ցուցարարները Փաշինեանը մեղադրեցին նաեւ անտարբերութեամբ՝ Հայաստանի առկայ խնդիրներուն, մասնաւորապէս գերիներու հարցին նկատմամբ: Աւարտին, երիտասարդները ելակներ, տուրմի կտորներ ու ներքնազգեստներ նետեցին կառավարութեան շէնքի դրան առջեւ՝ այսպէսով Փաշինանի բանակէ ներս ենթադրեալ բարեփոխումները ձաղկելով եւ ըսելու համար, որ ո՛չ ելակը, ո՛չ «շաքարեղէնները»ը եւ ոչ ալ «տրուսիկներ»ը մարտունակութիւն կու տան զինեալ ուժերուն։ Այս արարքէն ետք ոստիկանական խումբեր մօտեցան երիտասարդներուն եւ անսպասելիօրէն ուժ գործադրեցին ու տարին անոնց շարքերէն աւելի քան տասն հոգի։

Լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէր կառավարութեան շէնքին շուրջ, մինչ երիտասարդականի նուրբ սեռի ներկայացուցիչներ պոռալով կը բողոքէին ոստիկանական ուժերու վարքին դէմ։ Պատահածը իսկապէս դատապարտելի ու տհաճ էր։ Անկախ ամէն ինչէ, աւելի քան յստակ կ՚երեւէր, թէ այսպէսով Փաշինեան կը փորձէր կարգ մը «պատգամներ» տալ աստ ու անդ։ Ան կը փորձէ հանրութեան զգացնել, թէ ոստիկանական ուժերը կը գտնուին իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ ու անոնք պատրաստ են կատարելու իր անարդար, անտեղի եւ նոյնիսկ աւելի մեծ լարուածութիւն ստեղծելիք հրամանները։

Այս տեսարանին մէջ մտահոգիչ էր, որ թէեւ երիտասարդներէն ոեւէ մէկը չփորձեց խախտել հասարակական կարգը, այլ, ընդհակառակն, օրէնքն ու կարգը պահպանելու կոչուած կողմն էր։ Փոխարէնը՝ երիտասարդները կը բախէին անհաւասակշիռ քայլերու, իրենց դէմ ուժի գործադրութեան եւ այսպէսով ալ կը ստեղծուէր գերլարուած վիճակ մը։

Հարկ է նշել, որ Դաշնակցական տասնեակ երիտասարդներ ոստիկանութեան կողմէ ազատ պիտի արձակուին՝ առանց բաւարար փաստերու կամ օրինական մեղադրանքներու։ Խորապէս մտահոգիչ է, որ այս դէպքերը տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ։ Մեծ հաշուով սա լուրջ մտավախութիւններու տեղի կու տայ։

Ըսէ՛, ո՞վ է երկրիդ ղեկավարը (իբր թէ) եւ ես քեզի ըսեմ ու բացատրեմ, թէ ինչպիսի՞ հանգամանքներու եւ իրադարձութիւններու դէմ յանդիման կրնաս մնալ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021