ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը երբեք չի թուլանար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Հայաստանի՝ Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն ներս փորձած են ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հակազդելու համար դիմած են գործողութիւններու։ Հայկական բանակը ստիպած է, որ այդ աշխատանքները դադրեցուին։ Ի պատասխան՝ Ատրպէյճան կրակ բացած է հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայ դիրքապահները դարձեալ դիմած են պատասխան գործողութիւններու։

Փոխադարձ հրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021