ՔԱՅՔԱՅՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԷՆ

Կայ ռուսերէն արտայայտութիւն մը. առաջնայինը լսարանի մը համար ոգեշնչող, ծափահարութիւններու արժանացող խօսք ըսելն է, իսկ թէ ինչ հետեւանքներ կ՚ունենայ այդ խօսքը, այդքան ալ կարեւոր չէ։ Եկէք խոստովանինք, որ մենք՝ լրագրողներս ունինք այդ հիւանդութիւնը։ Կը տարուինք մեր ըսելիքի հետաքրքրական եւ խայթող ըլլալէն՝ երբեմն մոռնալով նիւթի ներքին տրամաբանութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Անձամբ ես նախորդ տարիներուն. օրինակ՝ հակուած էի ընդհանրացնել մեր բարձրաստիճան հոգեւորականներու արատները։ Անոնք հաստատ կան, բայց այստեղ պէտք էր առաւել զգոյշ եւ նրբանկատ ըլլալ՝ հաշուի առնելով այն դերը, որ եկեղեցին ունի աշխարհի վրայ սփռուած մեր հայրենակիցներու կեանքէն ներս եւ այն նշանակութիւնը, որ հաւատը, առաքելական ուսմունքը կը կարծեմ, պէտք է խաղայ մեր պետութեան կեանքէն ներս, բայց դժբախտաբար չի խաղար։ Սակայն, եթէ կրօնի խնդիրը կրնայ ըլլալ բանավէճերու առարկայ, ապա պետութեան եւ առաջին հերթին՝ բանակի հարցը պէտք է, որ անվիճելի ըլլայ բոլորի համար։ Եւ քանի կ՚երթայ, ես այդ նիւթերով գրելու ժամանակ կը փորձեմ հաշուեկշռել, թէ ինչն աւելի կարեւոր է՝ ընթերցողին իմ «շշպռող» խօսքի դի՞ւր գալը, թէ այդ կարեւորագոյն կառոյցներուն չվնասելը։ Մենք այս հարցերուն մէջ ալ, եկէք անկեղծ ըլլանք, շատ դէպքերու մէջ կը սփռենք նիհիլիզմ (ոչնչապաշտութիւն), անվստահութիւն, հաւանումներու արժանանալու հեշտ ճանապարհ կը փնտռենք։ Բայց լրագրողի աշխատանքը, որքան որ ալ կարեւոր ըլլայ, պատասխանատուութեան իր աստիճանով չի կրնար համեմատուիլ երկրի առաջին դէմքին հետ։ Մէկ բան է, երբ դուն կը խօսիս որպէս լրագրող, ուրիշ բան մըն է՝ որպէս ընդդիմադիր գործիչ, իսկ պատասխանատուութիւններու բացարձակապէս այլ աստիճան մըն է, երբ դուն պետութեան ղեկավար ես։ Այս պարագային պէտք է հաշուի առնուի հազարումէկ գործօն՝ ինչպիսի երկարատեւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ քու խօսքը ներքին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու ասպարէզին մէջ։ Այստեղ, կրկնեմ, նկատի ունիմ երկարատեւ հետեւանքները եւ ոչ թէ պալատականներու քծնանքն ու հրճուած զանգուածի ոռնոցները։

Ես վստահ եմ, թէ մեր պետութեան ձախողումներու եւ, մասնաւորապէս, պատերազմի մէջ կրած նուաստացուցիչ պարտութեան պատճառներէն մին Փաշինեանի գրգռիչ, անհաւասարակշիռ խօսքերն էին եւ գործողութիւնները՝ բանակի, կեներալներու, դիւանագէտներու (որոնք, իմ ընկալմամբ, նոյն զինուորներն են՝ միայն «փողկապով»), ընդհանրապէս՝ պետական վարչամեքենայի հարցերուն մէջ։ «Նախկինները» պատժելու եւ վերոյիշեալ զանգուածի հրճուալից աղաղակներուն արժանանալու մոլուցքը կը ստուերէ պետական շահը։ Համաձայն չեմ, որ Փաշինեան դիտաւորեալ կը ձգտի քայքայել բանակը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ ընդհանրապէս պետական կառոյցները, բայց միտումի բացակայութենէն այդ քայքայումը պակաս ցաւալի չէ։ Զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը չի կրնար բանակի մասին խօսիլ «շաքար նետելու» մակարդակով։ Այս գայթակղեցուցիչ «բացայայտումը» թողենք «սունկ-կայքերուն»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի, 9 յունիս 2021 թ.

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021