ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները խօսեցան Ղարաբաղի մասին։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա կը հետեւի Ղարաբաղէն Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու դուրսբերման գործընթացին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան նշեց նաեւ, որ կը հետեւի Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներէն ներս շինարարական աշխատանքներուն։

Էրտողան եւ Ալիեւ, որոնք առանձնազրոյցէն վերջ միասին ճաշեցին, արժեւորեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024