ԲՈՂՈՔԻ ՄԵԾ ՑՈՅՑԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ. ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ԹԵԼԱԴՐԵԼ
Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար (1984-1988) զօրավար Միշէլ Աուն (80 տարեկան) կը փորձէ քաղաքական նոր օրակարգ թելադրել: Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումին անդամները նախընթաց Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ բողոքի հաւաքներ կը կատարեն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ: Աունի հետեւորդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են: Անոնք կը պահանջեն քաղաքական իրավիճակի բարելաւում եւ կը յայտարարեն, որ անտեսուած ըլլալով կ՚ենթարկուին անիրաւութեան: Իրենց պահանջներուն մէջ եւս կայ երկրին համար նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգը: Միշէլ Աունի կենսագրութիւնը ագուցուած է Լիբանանի վերջին գրեթէ երեսուն տարուան քաղաքական կեանքին հետ: Քրիստոնեայ այս ղեկավարը առաջին անգամ քաղաքական բեմահարթակ կը մտնէր 1988 թուականի Սեպտեմբերին, երբ երկրի նախագահ Ամին Ժըմայէլ իր նախագահական նստաշրջանի աւարտին Աունը կը կարգէր երկրի վարչապետ: Ան կը ստեղծէր զինուորական կառավարութիւն եւ անոր այդ որոշումին փոխարէն երկիրը կը յայտնուէր բաժանման եզրին: Լիբանանի պատմութեան այդ հատուածը արիւնով ու պատերազմներով ուրուագծուած հանգրուան մըն է: Այդ օրերուն էր, որ բանակի հրամանատարը պատերազմ կը յայտարարէր Լիբանանը «գրաւած» սուրիական բանակին ու Սուրիոյ այդ շրջանի նախագահ Հաֆըզ Էսատին դէմ: Գրաւած բառը ստիպուած եղայ չակերտներու մէջ տեղադրել, որովհետեւ սուրիական «բաժանարար» զօրքերը Լիբանան հասած էին լիբանանցիներու մեծ տոկոսին խնդրանքով: Այդ ուժերը ունէին նաեւ համաարաբական զօրակցութիւն: Այդ հանգրուանին էր, որ Սուրիան Լիբանանի մէջ որոշիչ դեր ունենալու բոլոր տուեալները ունէր: Երկիրը քաոսի մէջ էր եւ սուրիական զօրքերը խաղաղութիւն «պարտադրելէ» անդին երթալով ու «բաժնէ որ տիրես»ի ոճը կ՚իրառելով՝ ժխտական դեր կ՚ունենային Լիբանանի քաղաքացիական պատաերզմի ամենէն արիւնոտ փուլին ընթացքին: Սուրիական բանակին դէմ իր շղթայազերծած պատերազմէն առաջ Աուն երկրի բանակի ամենէն ընտրեալ զօրամասերով կռիւներ մղած էր քրիստոնէական «Լիբանանեան ուժեր»ուն դէմ: Կռիւը խորքին մէջ քաղաքական բնոյթ ունէր: Մարոնի ղեկավարը (Լիբանանի նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի համայնքի անդամ) իր բոլոր ճիգերը կը գործադրէր, որպէսզի իրեն մրցակից բոլոր ուժերը տարանջատէր եւ հաւանական բոլոր թեկնածուները չէզոքացնէր:
Քրիստոնէական բոլոր շրջանները բաժանումի կը տանէին այս կռիւները, որոնց վնասներէն անմասն չէին մնար նաեւ տեղւոյն հայերը: Պատերազմի այդ ծանր փուլէն ետք Աուն, որ յայտնի էր իր հակասուրիական կեցուածքներով, այս անգամ հրացանը կ՚ուղղէր Հաֆըզ Էսատի ու անոր Լիբանան հաստատուած (գրեթէ 1978-էն սկսեալ) սուրիական ուժերուն դէմ: Անահաւասար պատերազմին հետեւանքով բանակի մեծ թիւով զինուորներ կը սպաննուէին: Սուրիական բանակը ամերիկեան կանաչ լոյսով զինուելէ ետք, օդային հարուածներ կը հասցնէր Պաապտայի նախագահական պալատին դէմ: Մարտերը կը դադրէին 13 Հոկտեմբեր 1990 թուականին եւ Աուն ստիպուած կ՚ըլլար պալատէն հեռանալ ու ապաստանիլ Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատունը։ Այս թուականէն ետք ան տասնհինգ տարի Փարիզի մէջ կը վարէր քաղաքական աքսորեալի կեանք: 7 Մայիս 2005 թուականին, երբ Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատկերին վրայ ստեղծուած իրավիճակին հետեւաքով սուրիական ուժերը արդէն հեռացած էին Լիբանանէն, Աուն կը վերադառնար Պէյրութ: Քրիստոնեայ ղեկավարը, որ երկար տարիներ կը պայքարէր սուրիական ուժերու Լիբանանի մէջ ներկայութեան դէմ, մեծ ճիգեր գործադրած էր, որպէսզի ամերիկեան գոնկրէսէն ներս սուրիական ուժերու Լիբանան ներկայութեան դէմ օրինագիծ մը մշակուի ու ապա ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուի (որոշում թիւ 1559): Սակայն անոր վերադարձէն անմիջապէս յետոյ, ան վերատեսութեան ենթարկելէ ետք իր հաշիւները ու յատկապէս բախելէ ետք սիւննի մեծամասնութեան («Ալ Մուսթաքպալ» հոսանք) իրեն հանդէպ ստեղծուած մերժումներուն, 180 աստիճանով կը փոխէր իր քաղաքական դիրքորոշումները: Ան կը մեկնէր Սուրիա, նախնական համաձայնութիւն կը կնքէր Նախագահ Պեշար Էսատին հետ ու բեկումնային քայլով մը «համաձայնութիւններու թուղթ» մը կը ստորագրէր Իրանի ամբողջական նեցուկը վայելող՝ «Հիզպուլլահ»ին հետ: Մինչ կարգ մը դէտեր այդ քայլը կը համարէին Լիբանանի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխիք, անդին երկրի միւս քրիստոնեայ (սիւննիամէտ) հատուածները քայլը կը համարէին դաւաճանութիւն: Գրեթէ տասնհինգ ամիսներէ ի վեր Լիբանան կը մնայ առանց նախագահի եւ երկրին դիմաց կան տնտեսական եւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ: Բացի սուրիացի գաղթականներու տնտեսական եւ ապահովական բեռէն, երեւելի են նաեւ Լիբանան-Սուրիա ապահովական ամէնօրեայ խլրտումները: Բացի այդ, միջազգային վարկատու կազմակերպութիւններ նաեւ կը դժուրանան յաւելեալ վարկեր տրամադրել երկրին, որովհետեւ այս իրավիճակին մէջ ուժեղ եւ կեդրոնական թիւ մէկ պատասխանատուի մը այսինքն՝ հանրապետութեան նախագահին չգոյութիւնը ընդհանուր իրավիճակը կը դարձնէ աւելի խախուտ ու վտանգաւոր:
Ներկայ դրութեամբ երկիրը բաժանումներու այլ շրջանի մը մէջ է: Երեւելի է, որ ներքրիստոնէական համաձայնութեան մը ընդհանուր ուրուագիծը կայ: Պարզ է նաեւ, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս իրանեան նեցուկ վայելող «Հիզպուլլահ»ը կը մնայ երկրի նախագահական ընտրութեան գաղտնաբառը ունեցող գլխաւոր կողմը: Ճիշդ է, որ գոյութիւն ունին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռիատի ու Փարիզի կարեւոր դերերը, բայց վերոնշեալ երկիրներուն համար այս պահուն Լիբանան առաջնահերթութիւն մը չէ: Լիբանանի քաղաքական կեանքի երկու որոշիչ կողմերը՝ այսինքն շիի «Հիզպուլլահ»ը եւ սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ»ը մինչ կը շարունակեն իրենց հերթական դարձած երխօսութեան նիստերը, անդին Աուն կը փորձէ խաղի նոր կանոններ թելադրել: Լիբանանի այս իրավիճակը կրնայ պայթունավտանգ դառնալ, հակառակ անոր, որ շրջանին մէջ հիմնարար դեր ունեցող երկիրները ամէն կերպ ճիգ կը գործադրեն, որպէսզի սուրիական պատերազմին կրակները Լիբանան չփոխադրուին: Ռիատ, որ լուռ կերպով կը հետեւի Պէյրութի մէջ գրանցուող զարգացումներուն, մինչեւ այս պահն ալ կը մնայ լուռ: Իսկ Սէուտական Արաբիոյ հովանիով գործող ուժերը՝ «Ալ Մուսթաքպալ» եւ 14 Մարտի ուժերը ցարդ վճռական կեցուածք չունին: Ռիատ եւս բարդ խնդիրներու դէմ յանդիման է: Ծոցի երկիրներու կողքին Սէուտական Արաբիա կը սպասէ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու արդիւնքներուն: Եթէ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, Ռիատ կրնայ իր դաշնակիցները «բարեխառն» լուծումներու յանգելու մղել, իսկ եթէ բանակցութիւնները ձախողին, բոլոր կողմերը պիտի փորձեն նոր վիճակ մը ստեղծել Լիբանանի մէջ: Բնականաբար Լիբանանի վերջնական կայունութիւնը կախալ է Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծումէն: Եթէ սուրիական օրակարգին մէջ երեւելի փոփոխութիւններ չըլլան, Լիբանան կրնայ շարունակել գոյատեւել նոյն օրինաչափութեամբ, առանց մեծ լուծումներ ունենալու եւ տեւական քաղաքական քաշքշուքներով: Կայունութիւնը թիւ մէկ թշնամին է Միշէլ Աունին եւ անոր խմբակիցներուն համար, որովհետեւ անոր նախագահական թեկնածու մնալու խնդիրը չի կրնար երկար տեւել: Այլապէս երկրին մէջ գրանցուելիք որեւէ շարժում կրնայ դարձեալ ջուրի երես հանել իր անունը՝ որպէս ուժեղ եւ հաւաստի նախագահի միակ թեկնածու: «Նարնջագոյն զօրավարը» (տրուած ըլլալով, որ անոր գլխաւորած կուսակցութեան դրօշակին գոյնը՝ նարնջագոյն է), որ գրաւը դրած է իր ունեցած «ուժական» ներկայութեան վրայ, կրնայ լուրջ խնդիրներու ականատես ըլլալ, եթէ «երրորդ կողմ» մը փորձէ օգտուիլ քաոսային իրավիճակներէն: Բացորոշ է, որ Աուն իր մտքին մէջ ունի մէկ նպատակ ու բոլոր այն հանգամանքները, որոնց մասին ան կը խօսի, կրնան ի դերեւ ելլել, եթէ ան տիրանայ իր թեկնածուութեան դէմ եղողներուն համախոհութեան: Միւս կողմէ, «Հիզպուլլահ», որ մինչեւ այս պահը կը հաւաստէ, թէ իրենց համար նախագահի թիւ մէկ թեկնածուն կը մնայ Միշէլ Աուն, կրնայ մէկ օրէն միւսը փոխել իր կեցուածքը, եթէ նկատէ, որ Աունի նախագահ դառնալու յոյսերը կը մօտենան իրականութեան: Թէեւ կը խօսինք նախագահական ընտրութեան յոյսեր ունենալու մասին, սակայն երբ Աունի անունին շուրջ սիւննի կանաչ լոյս մը երեւի: Աունի հետ «Հիզպուլլահ»ի անցեալի փորձառութիւնը (նկատի ունիմ 90-ականներու սկիզբը) ժխտական երանգներ չունի: Տարբեր աղբիւրներ կ՚ըսեն, որ «Հիզպուլլահ» քանիցս օժանդակած է Աունի տիրապետութեան տակ եղող բանակին: Թէեւ կան նման հանգամանքներ, սակայն Աուն զինուորական կերպար մըն է: Իբր այդ ալ «սրբութիւն սրբոց» է, բանակի գերիշխանութեան հարցը կրնայ խանգարել բոլոր հաշիւները «Հիզպուլլահ»ին, որուն համար ոչ-ուժեղ նախագահի մը ընտրութիւնը կը մնայ առաջնային: Լիբանանի մէջ համեմատաբար «թոյլ» նախագահի մը ընտրութիւնը կ՚երկարաձգէ այդ կուսակցութեան տիրական ուժ ըլլալու հանգամանքը:
Այս խճճուած վիճակին մէջ կարեւոր է նկատի առնել Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքները: Պըրրի, որ քաղաքական կարեւոր փորձառութեան եւ քաղաքական բոլոր օրակարգերուն մէջ վարպետ խուսանաւող մըն է, շատ ալ դրական չի համարեր Աունի նախագահ ընտրուիլը: Ու չմոռնանք, որ քրիստոնեայ նախագահի բացակայութիւնը զինք անհանգիստ չ՚ըներ: Ան նոյնպէս կը սպասէ սուրիական կնճիռի լուծման ու անկէ անդին իր մակարդակի բոլոր ղեկավարներուն պէս կը հետեւի սիւննի-շիի մեծ հակամարտութեան (Ռիատ-Թեհրան) փոքր դաշտերուն (Սանհա, Պաղտատ, Դամասկոս) վրայ ընթացող փոփոխութիւններուն: Միշէլ Աուն իր համակիրներէն պահանջած է փողոց իջնել: Աունականներու առաջին փորձը կատարուեցաւ Հինգշաբթի օր եւ անոր համակիրները բախումներ ունեցան վարչապետարանի ապահովութիւնը ստանձնած զինուորներուն հետ: Ի՞նչ կը պահանջէ Միշէլ Աուն: Եւ ի՞նչն է պատճառը, որ յատկապէս այս հանգրուանին ան բողոքի ցոյցեր կայացնելու կոչով հանդէս կու գայ: Տրամանաբանութիւնը կ՚ըսէ, որ Աունի միակ եւ կարեւորագոյն պահանջը Պաապտայի նախագահական աթոռին տիրանալն է: Ու հակառակ անոր, որ Ռիատ եւ Փարիզ քանիցս վեթօ ըրած են անոր նախագահ ըլլալուն դէմ, սակայն բանակի նախկին հրամանատարը կը յամառի ամէն գնով նախագահական աթոռը գրաւելու: Լիբանանի համար շատ կարեւոր քննութիւն են բողոքի հաւաքները, որոնց արդիւնքին երեւան պիտի ելլէ Աունի լիբանանեան գետինը շարժելու բաւարար կամք եւ ներուժ ունենալը: Չմոռնանք նաեւ, որ Աուն իր տուած վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է երկրի սիւննի վարչապետին եւ Հարիրիի առաջնորդած «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքին դէմ: Ան կը սպառնայ երկրի տնտեսական բոլոր «սեւ» թղթածրարները բանալ ու խօսիլ գործուած սխալներուն եւ կաշառակերական «մեծ մեղք»երուն մասին: Աուն անկեղծ է իր տեսակէտով, բայց ճարպիկ չէ: Ան կրնայ մթնոլորտ հրահրել, բայց կը մոռնայ պատմութենէն դասեր քաղել: Առ ի յիշեցում պէտք է արձանագրել, որ նոյն «նարնջագոյն զօրավար»ը մոռցաւ, թէ ասկէ միայն ամիսներ առաջ «սիրալիր» բանակցութիւններ կը վարէր Սաատ Հարիրիի եւ անոր խմբակիցներուն հետ: Աւելի՛ն, ան նաեւ կը մոռնայ, թէ ինչպիսի կեցուածքներ թոյլ տուած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատի հասցէին, բայց այսօր ոգի ի բռին կը պաշտպանէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատը: Կրկնելու գնով պէտք է ըսել, որ ներկայիս Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հիմնական գաղտնաբառ թելադրողը «Հիզպուլլահ»ն է: Արդեօք «Հիզպուլլահ» իրապէս կը փափաքի՞ Աունը տեսնել Պաապտայի նախագահական պալատէն ներս, կամ հակառակ տեղի ունեցող բողոքի ալիքին՝ ան հերթական անգամ պիտի փորձէ Աունի նախագահ դառնալու բոլոր յոյսերը ի դերեւ հանել ու սպառել զանոնք: Սպասենք: Կարեւոր է նաեւ, որ ընթացող ցոյցերուն լիբանանահայութեան քանի տոկոսը պիտի մասնակցի, տրուած ըլլալով, որ Աունի զինակից համարուող լիբանանահայութեան կարեւոր մէկ հատուածը այդքան ալ խանդավառ չէ բողոքի հաւաքներ կայացնելու գաղափարով: Աունի համար միակ երազանքը Պաապտայի պալատ հասնիլն է: Ու հակառակ պատմական մեծ խարխափումներուն, զօրավարը կը մնայ քրիստոնեայ «ամբոխներու» սիրելի ղեկավարը:
Արդեօք քրիստոնեաներու այս թեկնածուն պիտի ըլլա՞յ երկրին համար փրկչական գործ կատարող ու երկիրը ուժեղացնող նախագահ մը: Չմոռնանք, որ Լիբանան քաղաքական փրակմաթիզմի եւ շահարկումներու մեծագոյն աւազանն է շրջանին մէջ: Լիբանանցի գործիչները կրնան մէկ օրուան մէջ իրենց կեցուածքները փոխել: Հիմնական հարցը նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգն է։ Չմոռնամ յիշեցնելու, որ մէկէ աւելի արեւմտեան լրագրողներ հարցադրումներ տալով գրած են, թէ արդեօք ընտրուելիք նախագահը պիտի դառնա՞յ Լիբանանի վերջին քրիստոնեայ նախագահը: Կարեւոր է այս հարցումը, մանաւանդ որ Լիբանանը Արեւելքի միակ երկիրն է, որուն նախագահը ըստ սահմանադրութեան, պէտք է ըլլայ մարոնի քրիստոնեայ մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան