ԼՈՆՏՈՆԻ «ԿՈԼՏՇՄԻՏ ՀՈԼԼ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց դէպի Անգլիա կատարած իր այցելութիւնը։ Անգլիահայ համայնքը ուղեւորութեան վերջին հանգրուանին իրեն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Լոնտոնի «Կոլտշմիտ Հոլլ» դահլիճին մէջ։ Իր ելոյթին ընթացքին Բակօ Սահակեան հակիրճ ներկայացուց իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները, ամփոփեց ունեցած շփումներուն արդիւնքները եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Ըստ իրեն, թէ՛ հայկական համայնքի եւ թէ անգլիական զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները բաւական տպաւորիչ էին։ Սահակեանի համոզմամբ, անոնք նոր լիցք ու որակ պիտի հաղորդեն Արցախի եւ Անգլիոյ միջեւ կապերու ամրապնդման։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Արցախի բոլոր բարեկամներուն՝ անոնց դիրքորոշման, սկզբունքայնութեան, մարդասիրութեան եւ գործօն աջակցութեան համար։
Բակօ Սահակեանի ի պատիւ սարքուած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, երեսփոխաններ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ այլ հիւրեր։