Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՔԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Հարկ է նշել, որ Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ ներկայիս կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց թափը կը համարուի գոհացուցիչ։ Այդ բանակցութիւններուն նպատակն է՝ Հայաստանի համար կարգավիճակ մը յստակեցնել Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան համար։
Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016