Ուրբաթ 17, Յունուար 2025
ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։ Նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ յայտնեց, որ Էլմար Մամէտեարովի հետ հանդիպման նպատակն է՝ պահել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու թափը։
Թէեւ առայժմ պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած, սակայն դատելով իրադարձութիւններու ընդհանուր ընթացքի տրամաբանութենէն՝ յառաջիկային օրակարգի վրայ կրնայ գալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեսակցութեան մը հաւանականութիւնը։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018