ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՋՆՋԷ՞ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԶԷՆՔ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔԸ

«Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» գործակալութիւնը վերջին օրերուն հաղորդեց, որ Փարիզի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս կը դադրեցնէ ֆրանսական ընկերութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական նշանակութիւնով արտադրանք՝ այսինքն, զէնք ու զինամթերք վաճառելու արգելքը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ «Եթէ այդ տեղեկատուութիւնը հաստատուի, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմինները կը զբաղին այդ հարցով», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան։ Բանբերը, միեւնոյն ժամանակ, խորհուրդ տուաւ լուրջ վերաբերմունք ցոյց չտալ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն նկատմամբ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է եւ իբր այդ, միջնորդի դեր կը կատարէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Համանախագահ միւս երկիրներէն Ռուսաստան շատ լուրջ համեմատութեամբ սպառազինութիւն կը մատակարարէ Ատրպէյճանին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018