1003 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ երկրին մէջ կատարուեցաւ 48 հազար 787 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1003 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 23 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1493։ Այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1182 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 402։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ 25 յունիսէ ի վեր նոր վարակեալներու թիւը կը շարունակուի։ «Այս պահուն հազարի շեմէն տակ իջնելու շատ մօտ ենք։ Բայց եւ այնպէս չմոռնանք, որ նուազումները շատ դանդաղ, իսկ ծաւալումները շատ արագ կ՚ընթանան։ Բարձրացումները եւ նուազումները կախում ունին դիմակ գործածելէ եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելէ», ըսաւ նախարարը։ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020