ՇԸՐՆԱՔԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իրականացնել տմարդի ու վայրագ բռնարարքներ։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Շըրնաքի մէջ ՓՔՔ-ի յարձակման հետեւանքով նահատակուած է զինուոր մը։
Դէպքը պատահած է Աքտիզկին ռազմախարիսխի շրջակայքին։ Խումբ մը ՓՔՔ-ականներ հեռահար զէքներով կրակ բացած են այդ ռազմախարիսխին վրայ։
«CNN Türk»ի հաղորդումներով, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ յարձակման հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած զինուոր մը փոխադրուած է Շըրնաքի զինուորական հիւանդանոցը։ Դժբախտաբար բժշկական միջամտութիւնները բաւարար չեն եղած անոր կեանքը փրկելու համար ու զինուորը նահատակուած է։
Հարկ է նշել, որ Շըրնաքի Սիլոփի գաւառակէն ներս ալ ՓՔՔ-ի յարձակման հետեւանքով երէկ նահատակուած էր չորս ոստիկան։