ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին։

Միւս կողմէ, Փութին երէկ Սուրիոյ իրադարձութիւնները հեռախօսի վրայ քննարկեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018