«ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԷԶ»

Օշականի մէջ կ՚իրականացուի «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ Օշականի Մշակոյթի պալատին մէջ սկսած է «Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագիրը: Սոյն ծրագրի նպատակն է ապահովել համայնքի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, մշակութային կեանքի աշխուժացումը, համայնքի բնակիչներու ազատ ժամանցի եւ զբաղուածութեան ապահովումը՝ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան գիտելիքներու եւ ունակութիւններու ձեռքբերման միջոցով։

Ծրագրի ընթացքին Օշականի Մշակոյթի պալատին մէջ կը ձեւաւորուի «Խեցեգործութեան պարտէզ», ուր համայնքի բնակիչները կը ծանօթանան խեցեգործութեան հմտութիւններուն, կը պատրաստեն կուժեր, հուշանուէրներ, կաւէ այլ իրեղէններ՝ զանոնք ձեւաւորելով Օշականի մէջ հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած ուրարտական խեցիներու, զարդերու եւ այլ նմոյշներու զարդանախշերով։ Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, որոնց ընթացքին համայնքի բնակիչներն ու այցելուները կը ծանօթանան խումբի աշխատանքներուն։

«Խեցեգործութեան պարտէզ» ծրագրի նպատակն է վերակենդանացնել մոռացութեան մատնուող հնագոյն արուեստներէն մէկը՝ խեցեգործութեան աւանդութիւնը՝ որպէս Օշական համայնքի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան դրսեւորում եւ համայնքի կայուն զարգացումը խթանող միջոց։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021