ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՔԻՍՏԱՆ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս օրերուն կ՚այցելէ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան կը քննարկէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտներէ ներս Թուրքիա-Փաքիստան համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղեալ հարցեր։ Արդարեւ, այս երկու երկիրները աւանդաբար ունին սերտ կապեր։ Անոնց միջեւ անցեալ ամիս նոր համաձայնագիր մը ստորագրուած էր՝ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս, յատկապէս՝ զինեալ ուժերու կատարելագործման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը մեծացնելու, ահաբեկչութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու վերաբերեալ։

Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի պաշտպանութեան ու ռազմական գետիններու վրայ համագործակցութիւնը վերջին շրջանին յաճախ եռակողմանի ձեւաչափ մը կը ստանայ՝ ընդգրկելով նաեւ Ատրպէյճանը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին, Թուրքիոյ առընթեր Փաքիստանն ալ զօրակցած էր Ատրպէյճանին։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ այս երեք երկիրները Պաքուի մէջ հռչակագիր մը ստորագրած էին տնտեսութեան, պաշտպանութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս կապերը ամրապնդելու վերաբերեալ։ Նոյն ժամանակաշրջանին այս երեք երկիրներու խորհրդարանի նախագահներն ալ մէկտեղուած էին Ատրպէյճանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021