ՊԻԼ ԵՒ ՄԵԼԻՆՏԱ ԿԷՅՑ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ
Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերը պաշտօնապէս ամուսնալուծուած են։ Այսպէս, «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց եւ իր կինը՝ Մելինտա Ֆրենչ Կէյց, պաշտօնապէս աւարտած են ամուսնալուծութեան գործընթացը: Ըստ «CNN Business» հեռուստաալիքին՝ օգոստոսի 2-ին անոնց ամուսնալուծութեան մասին որոշման հաւանութիւն տրուած է դատարանի կողմէ:
«CNN»ը, վկայակոչելով դատական փաստաթուղթերը, կը հաղորդէ, որ արդէն նախկին ամուսիններէն ոչ մէկը պէտք է տուգանք վճարէ միւսին: Ամուսնալուծութեան նիւթական կողմի մասին այլ մանրամասներ չեն հրապարակուած: Նաեւ փաստաթուղթերուն մէջ նշուած է, որ Մելինտա Ֆրենչ Կէյց մտադիր չէ փոխել իր անունն ու ազգանունը: Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերը իրենց ամուսնալուծութեան մասին յայտարարած էին մայիսի սկիզբին: Անոնց ամուսնութիւնը տեւած է 27 տարի: Անոնց համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ամուսնալուծութեան վերաբերեալ որոշման նախորդած են «երկար խորհրդածութիւնները եւ յարաբերութիւններու վրայ լուրջ աշխատանքը»:
Զոյգը ընդգծած է, որ կը շարունակէ համատեղ աշխատանքը իրենց կողմէ հիմնուած Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերու բարեգործական հիմնադրամին մէջ (Bill & Melinda Gates Foundation): Պիլ եւ Մելինտա ծանօթացած են 1987 թուականին, երբ Մելինտան «Microsoft» ընկերութեան մէջ սկսած է աշխատիլ: Անոնք ամուսնացած են 1994 թուականին Հաւայեան կղզիներուն մէջ: Անոնց ամուսնութենէն աշխարհ եկած է երեք զաւակ՝ Ճենիֆըր Քեթրին Կէյց, Ռորի Ճոն Կէյց եւ Ֆիպի Ատել Կէյց: 2000 թուականին ամուսինները հիմնած են Պիլ եւ Մելինտա Կէյցերու բարեգործական հիմնադրամը, որ կը զբաղի կլոպալ առողջապահութեան զարգացմամբ, աղքատութեան եւ սովի դէմ պայքարով, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրթութեան աջակցութիւն ցուցաբերելով։