ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան այսօր կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, յաջորդ ամիս Երեւանի մէջ նախատեսուած է այս կազմակերպութեան գագաթաժողովը, որու նախօրեակին ընդհանուր քարտուղարը մեկնած է Հայաստան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը թափով յառաջ կը տանի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք եզրափակիչ փուլ թեւակոխելու վրայ են։ Այս իրավիճակին մէջ Միքայէլ Ժան շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Աւելի վերջ Միքայէլ Ժան ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Բանակցութիւններուն ներկայ էր նաեւ Վահագն Աթաբէկեան, որ կը համակարգէ գագաթաժողովի կազմակերպչական աշխատանքները։

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտալուտ գագաթաժողովը պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր կազմակերպուած մեծագոյն միջազգային դիւանագիտական միջոցառումը։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018