ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական արարողութիւնով մը դիմաւորեց իր վրացի պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը եւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփուեցան պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու արդիւնքները։ Հիւր վարչապետը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ «Հայաստանն ու Վրաստանը կը թեւակոխեն պատմութեան շրջան մը, զոր կարելի է բնութագրել որպէս եղբայրական եւ գործընկերային», ըսաւ այս առթիւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ պատմական հարստութիւնը նախադրեալներ կը ստեղծէ գործընկերութեան նոր ուղիներ նախանշելու եւ իրականացնելու համար։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պախթածէն ալ տեղեկացուց, որ յառաջիկային կը նախատեսուի միջկառավարական յանձնաժողովներու համատեղ նիստ մը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին տնտեսական զարգացման ուղիները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Մամուքա Պախթածէն ընդունելու ժամանակ ըսաւ. «Թէ՛ Հայաստան եւ թէ Վրաստան իրենց գործողութիւններուն, արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ պէտք չէ մոռնան մեր հարեւանութեան առանձնայատուկ բնոյթը։ Յամենայնդէպս, ես վարչապետ ընտրուած օրէս ի վեր այդպէս ալ վարուած եմ։ Համոզուած եմ, թէ այդպէս կը վարուիք նաեւ դուք եւ այդպէս կը վարուին Վրաստանի իշխանութեան բոլոր ներկայացուցիչները»։

Երկու վարչապետները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն, ընդգծեցին հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ տարածքաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման համար։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման հեռանկարներուն շուրջ։ Վարչապետները համոզուած են, թէ այդ բոլորը պիտի նպաստեն տարածքաշրջանի տնտեսական զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան աճին եւ կայունութեան ապահովման համար։

 Վարչապետներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են յաւակնոտ ծրագրեր։ Երկու երկիրները կը նախատեսեն յառաջիկայ տարիներու ընթացքին իրենց ապրանքաշրջանառութիւնը հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ «Սա յստակ նիւթ մըն է, որու նկատմամբ բոլորս կրնանք դիրքաւորուիլ, ունենալ յստակ ճանապարհային քարտէս եւ յստակ, պայմանաւորուած քայլերով երթալ դէպի այդ խնդրի լուծումը», ըսաւ Փաշինեան։

Իր կարգին, Պախթածէ յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Վրաստանի Եւրոատլանտեան համարկման գործընթացը եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուած նշանակալի յաջողութիւնները։ «Միեւնոյն ժամանակ կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացումը», ըսաւ վրացի վարչապետը եւ աւելցուց, որ ներկայ աշնան վերջաւորութեան Թիֆլիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։

Փաշինեան եւ Պախթածէ երէկ այցելեցին նաեւ Երեւանի քոնիաքի գործարանը։

Միւս կողմէ, հիւր վարչապետի պատուիրակութեան մասնակից Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018