ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ տարեկան արձակուրդին առթիւ արտասահման կը գտնուի, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական նախարար Ուենտի Մորթընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Անգլիա համագործակցութեան զարգացման ու խորացման հեռանկարներուն։ Ուենտի Մորթըն տեղեկացուց, որ յաջորդ տարի Անգլիա կը նախատեսէ հիւրընկալել Կլիմայի փոփոխութեան 26-րդ գագաթաժողովը (COP26), որուն կ՚ակնկալուի նաեւ Հայաստանի մասնակցութիւնը։ Մորթըն հետաքրքրուեցաւ կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներով։ Նախագահ Սարգսեան ի պատասխան նշեց, որ ինք անձամբ «Կանաչ» մօտեցման կողմնակից է ու մշտապէս կարեւորած է ու կը կարեւորէ բնապահպանութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ ան խօսեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, յուշահամալիրի տարածքէն ներս համազգային այգի մը՝ «Հայ փարք» հիմնելու իր գաղափարին մասին։ Սա ուղղուած պիտի ըլլայ նաեւ Երեւանի կանաչ տարածքներու աւելացման։

Արմէն Սարգսեան ներկայացուց նաեւ նախագահական շարք մը նախաձեռնութիւններ։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ ATOM-ի (Advanced Tomorrow) վրայ։ Ըստ իրեն, Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ նոր փորձագիտութիւններու զարգացման ուղղեալ այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս մեծ ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերուի մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան, մաթեմաթիքական մոտելաւորման, թուային տուեալներու կառավարման եւ այլ շարք մը ոլորտներու նկատմամբ։ Տեղեկացնելով, որ աշխարհի շարք մը խոշոր ընկերութիւններ. օրինակ՝ IBM, Siemens, Thales, Dassault, Safran, «Լէոնարտօ», ինչպէս նաեւ յայտնի համալսարաններ եւ գիտական կեդրոններ արդէն սկզբնական համաձայնութիւն տուած են այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութիւն ծաւալելու համար։ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ ուրախ կ՚ըլլայ համագործակցելով նաեւ անգլիական ընկերութիւններու, համալսարաններու եւ գիտական կեդրոններու հետ։

Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի նախատեսուած՝ STARMUS 6-րդ միջազգային փառատօնին տարեկան «Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ին եւ նախարար Ուենտի Մորթընը հրաւիրեց այս ձեռնարկներուն մասնակցելու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020