«ՔԱՂԱՔԸ ԿԱՐԴՈՒՄ Է»

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի մուտքի կամարներուն ներքեւ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, վերջին օրերուն կեանքի կոչուեցաւ ընկերամշակութային յատկանշական ծրագիր մը, որու կարգախօսն էր՝ «Քաղաքը կարդում է»։ Այսպէս, արդէն 7-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ Երեւանի Գիրքի միջազգային փառատօնը, որ մագնիսացուց մշակութասէրներու ու գրասէրներու ուշադրութիւնը։ Այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս աւելի քան երեք տասնեակ ձեռնարկ տեղի ունենացաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնին բացումը կատարեց Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։ Իր կարգին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեանն ալ շեշտեց, որ ներկայ ուսումնական շրջանը հռչակուած է՝ «Մշակութային կրթութեան տարի»։

Նախագծին ներգրաւուած էին գրողներ, խմբագիրներ, թարգմանիչներ, հրատարակիչներ եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ արտասահմանէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024