ԱՆԳԱՐԱՅԻ, ԹԻՖԼԻԶԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՅՈՒՇԱԳԻՐ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան ուղղեալ եռակողմանի յուշագիր մը։ Այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ իրենց 11-րդ հանդիպումը ունեցան։ Այսպէս, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաթումի մէջ տեսակցեցաւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանիի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համատեղ ռազմական համագործակցութեան նոր հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթեր։ Եաշար Կիւլէր երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ իր պաշտօնակիցներուն հետ։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտան Պաթումի հաւաքի ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները։ Եաշար Կիւլէր ընդգծեց, որ Թուրքիա ամուր աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ Իր կարգին, Զաքիր Հասանովն ալ նշեց, որ Հայաստան ներկայիս կը զինուի եւ սա ապագային կրնայ վտանգի աղբիւր դառնալ ո՛չ միայն Ատրպէյճանին, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին համար։
Երեւան վաղուց կը դիմագրաւէ Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ հաստատուած համագործակցութեան դրսեւորումները։ Մինչ այդ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Չինաստան։