ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆՑԸ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ «ՖՐԱՆՍ ԱԼԻՒՄՆԻ» ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՆՑԻՆ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ եւ Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ժան-Մարք Լա­ւեստ վեր­ջերս հան­դի­պում մը ու­նե­ցան վե­րո­յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հետ։ Ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Շար­փան­թիէ եւ Լա­ւեստ։ Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նը հիմ­նուած է 1995 թուա­կա­նին եւ այդ շրջա­նէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու հա­ւաք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ այս մա­կար­դա­կով։ «Իր գո­յու­թեան տասն­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մալ­սա­րա­նը տուած է 1456 շրջա­նա­ւարտ։ Դուք ձե­ւա­ւո­րած էք հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ կը նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պի տա­րած­ման», ը­սաւ դես­պան Շար­փան­թիէ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ցան­ցը պի­տի միա­նայ «Ֆրանս Ա­լիւմ­նի» հա­մաշ­խար­հա­յին ցան­ցին։ Այս վեր­ջի­նը Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ստեղ­ծուած Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց մըն է։ 2015 թուա­կա­նին ձե­ւա­ւո­րուած «Ֆրանս Ա­լիւմ­նի» ցան­ցը ներ­կա­յիս ար­դէն ու­նի շուրջ 36 հա­զար ան­դամ։

Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նը իր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն կու տայ ֆրան­սա­կան վկա­յա­կան­ներ՝ ի­րա­ւա­բա­նու­թեան, ելմ­տա­գի­տու­թեան եւ կա­ռա­վար­ման մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ան այս տա­րի ու­նի 1100 ու­սա­նող։ Աշ­խա­տա­շու­կա­յէն ներս այս հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ներգ­րաւ­ման մի­ջին տո­կո­սը կը կազ­մէ 81.4։ Նախ­կին բազ­մա­թիւ շրջա­նա­ւարտ­ներ այ­սօր բարձր պաշ­տօն­նե­րու գլուխ կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րէ եւ խո­շոր ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րէ ներս։

Օ­տա­րերկ­րա­ցի ու­սա­նող­նե­րու թի­ւով Ֆրան­սա աշ­խար­հի վրայ եր­րորդ եր­կիրն է։ Հայ ու­սա­նող­նե­րու թի­ւին ա­ռու­մով ան երկ­րորդ եր­կիրն է Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին 900 հայ ու­սա­նող­ներ ար­ձա­նագ­րուած են զա­նա­զան ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րան­ներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016