ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Չաղ­լա­յա­նի մէջ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տէն ներս ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ հեր­թա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ 35 մե­ղադ­րեա­լով այս գոր­ծի 15-րդ դա­տա­կան նիս­տին ցուց­մունք­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Անվ­տան­գու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Էն­կին Տինչ։ Այս վեր­ջի­նը ոչ-կա­լա­նա­ւո­րեալ մե­ղադ­րեալ­նե­րու շար­քին է։ Էն­կին Տինչ յայտ­նեց, թէ Թրապ­զո­նի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժի­նը գլխա­ւո­րած շրջա­նին՝ Հրանդ Տին­քի դէմ պատ­րաս­տուած մա­հա­փոր­ձին մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած էին նոյ­նիսկ տա­կա­ւին մտայ­ղաց­ման փու­լին։

Մինչ այդ, ե­րէ­կուան դա­տա­վա­րու­թե­նէն ա­ռաջ «Հրան­դի ըն­կեր­նե­րը»ն ալ կա­տա­րե­ցին ի­րենց հեր­թա­կան ցոյ­ցը՝ պա­հան­ջե­լով ար­դա­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016