ՆՈՒՐՍՈՒԼԹԱՆ ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս Հինգ­շաբ­թի՝ Հոկ­տեմ­բե­րի 13-ին նա­խա­տե­սուած են Նա­զար­պա­յե­ւի շփում­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016