ՄԱՀ՝ ՆԿԱՐԻՉ ՌԻՇԱՐ ԺԵՐԱՆԵԱՆԻ

Երէկ, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Ռիշար Ժերանեան։ «Նոր Յառաջ» ցաւով կը գուժէ բօթը՝ ընդգծելով, որ ֆրանսահայ անփոխարինելի դէմքերու տերեւաթափը կը շարունակուի։

Ռիշար Ժերանեան 1921-ին ծնած էր Սեբաստիոյ մէջ։ 1930-ական թուականներուն իր ընտանիքին հետ հաստատուած էր Ֆրանսա։ Նկարչական արուեստը եւ երաժշտութիւնը միշտ հաճելի եղած էին իրեն համար։ Ուսման սկսած էր Մարսէյլի մէջ, աւելի վերջ յաճախած Փարիզի «Ժուլիան» ակադեմիան։ Սերտ կապեր ունէր սփիւռքահայ արուեստագէտներու հետ եւ 1950-էն սկսեալ ցուցահանդէսներ կազմակերպած էր Լիբանանի, Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Իրանի մէջ։ Իր ստեղծագործութիւնները ժամանակի ընթացքին կրած են զանազան ոճերու դրոշմը։

Ռիշար Ժերանեանի յուղարկաւորութիւնը 15 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019