ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ձեռնարկուած յարձակումներու հետեւանքներու վերացման ուղղեալ ամերիկեան կողմին ջանքերը։ Ան կարեւորեց այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու առնուիլը։ Կողմերը ընդգծեցին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրսբերման եւ հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Փաշինեան եւ Պլինքըն անդրադարձան վերջին օրերուն Փրակի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի շփումներուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Փաշինեանի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները։ Փաշինեան տպաւորութիւններ փոխանցեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումէն։
Վարչապետը եւ պետական քարտուղարը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու համար միջազգային դրութեան ստեղծման, Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Պլինքըն յայտնեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկային եւս նպաստելու համար բանակցային գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան։
Երեւանի կողմէ փոխանցուած այս պաշտօնական տեղեկութիւններուն առընթեր, սոյն հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մըն ալ հանդէս եկաւ Էնթընի Պլինքըն։ «Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին ողջունած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը։ Բանակցութիւններու միջոցաւ կնքուած համաձայնագիրը դէպի կայուն խաղաղութիւն միակ ճանապարհն է», յայտնած է Էնթընի Պլինքըն։
Բաց աստի, Ֆրանսայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մըն ալ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, Եւրոմիութեան խորհուրդի մօտ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ, Մաքրոնի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմօ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բացի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, ֆրանսացի պաշտօնատարները ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Փրակի մէջ տեղի ունեցած վերջին քառակողմանի հանդիպման արդիւնքներուն շուրջ։ Կարեւորուեցան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին հիման վրայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան ապահովումը։ Փաշինեան ֆրանսացի դիւանագէտներուն հետ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու համար միջազգային դրութեան մը ստեղծման, Ատրպէյճանի հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման վերաբերեալ հարցեր։
Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Ժողովէն վերջ տեղեկացուեցաւ, որ քննարկուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղեալ ապագայ քայլերը։
Ֆրանսացի պաշտօնատարներն ալ Երեւանի հանդիպումներուն ընթացքին յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը պէտք է դուրս բերուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։