ԳԱԳԱԹԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ վարչապետի՝ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական ընդունարանին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 115-ամեակի յոբելեանը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Արա Գօչունեան զիրար կը ճանչնային մամուլի բնագաւառէն ներս։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Արա Գօչունեան Նիկոլ Փաշինեանին տեղեկացուց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 115-ամեակը՝ որպէս հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին օրաթերթը։

Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեանն ալ շնորհաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը եւ մաղթեց յարատեւութիւն։ Այսպէսով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակի յոբելենական շրջանի տակաւին առաջին քայլափոխին գագաթնային շնորհաւորութիւն մը հասած կ՚ըլլայ թերթիս ընտանիքին։ Արդարեւ, Երեւանի ղեկավարութիւնը այսպէսով ամենաբարձր մակարդակի վրայ ողջունած է հայ մամլոյ նահապետին հիմնադրութեան 115-ամեակի յոբելեանը՝ արժեւորելով անոր առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը։

Տեսակցութեան ընթացքին Արա Գօչունեան վարչապետին մանրամասնութիւններ ներկայացուց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան, դերակատարութեան եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ան ծանօթութիւններ տուաւ նաեւ 115-ամեակի յոբելենական շրջանը արժեւորելու նպատակով նախատեսուած ծրագիրներուն շուրջ։ Արա Գօչունեան Նիկոլ Փաշինեանի նկատառման յանձնեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Հայաստանի զանազան գիտամշակութային օճախներու միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան ընթացքին շուրջ մանրամասնութիւններ։

Հուսկ, զրոյցի աւարտին, վարչապետ Փաշինեանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Արա Գօչունեան իրեն նուիրեց թերթիս դարադարձի շրջանին հաստատուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն երկու գիրք։ Այդ գիրքերուն առաջինն էր մատենաշարի շրջանակէն ներս լոյս տեսած առաջին գործը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի յօդուածներու հատընտիրը, որ կը կոչուի «Օրուան մտածումներ»։ Իսկ երկրորդ գիրքն էր մատենաշարէն լոյս տեսած վերջինը՝ «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ը, որու հեղինակն է Թորոս Ազատեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022