ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով տարած յաղթանակէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ զրուցեց օտարերկրեայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Սփուտնիկ-Արմենիա» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ խօսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Հայաստան հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնած է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ։ «Կը յուսանք, թէ Թուրքիան նոյնպէս այդպիսի կեցուածք մը կ՚ունենայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Ընդ որում, անընդունելի նախապայմաններու շարքին Փաշինեան մատնանշած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Բայց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետ, երրորդ երկրի մը հետ։ Ես նկատի ունիմ Ատրպէյճանը», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018