Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՄԱՔՐՈՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ անդրանիկ արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փարիզ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան ֆրանսա-գերմանական համագործակցութեան ընթացքին, նաեւ համաեւրոպական բնոյթով խնդիրներու։
Օլաֆ Շոլց Փարիզէն վերջ Պրիւքսելի մէջ ալ շփումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան հետ։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021