ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄՆ-Ը ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ԽԻՍՏ ՈՃՈՎ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՏՆԻ»

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայիս ծագած են նոր տարաձայնութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան վերիվայրումներ եւ այս խնդիրն ալ եկած է հանդիսանալ հերթական գործօնը։ Թուրքիա երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ զգուշացուց ամերիկեան կողմը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարայի համբերութիւնը կը հատնի։

«Ոմանք մեր քիթին տակ կը ջանան ահաբեկչական նրբանցք մը ստեղծել եւ մեր համբերութիւնը կը հատնի։ Կը սպասենք՝ այն պատճառով, որ մեր յոյսերը կը պահենք խնդիրը դիւրութեամբ լուծելու ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, կը տեսնենք, որ այս ճանապարհները կը խցանուին ու կը մնայ միակ ճար մը։ Ձեր դիմաց ո՛չ «հիւանդ մարդ» Օսմանեան պետութիւնը կայ եւ ոչ ալ Հանրապետութեան «լուծման անկարող պետութիւնը», եւ ոչ ալ 1970-ականներու կամ 90-ականներու տկար երկիրը։ Ուրկէ որ ամենափոքր սպառնալիք մը ըլլայ՝ մենք բոլորով կը դառնանք «Ֆ-16»։ Հրասայլերով, թնդանօթներով կը մտնենք անոնց քարայրը», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, Էրտողան յիշեցուց, որ Սուրիոյ հիւսիսը մաս կը կազմէր «Միսաք-ը միլլի»ի սահմաններուն։ Այս պատճառով յուսախաբ պիտի ըլլան բոլոր անոնք, որոնք այնտեղ պետութիւն մը հիմնելու կը նախաձեռնեն։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, որ ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագային մրցակցութեան մէջ կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018