ԻՋԵՑՆԵԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը նշեց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը նախատեսուած է ներկայ ամսուան կէսերուն։ Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս պահուն չի կրնար տրամադրել հանդիպման յստակ թուականին ու վայրին վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը։

Հաւանական է, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յաջորդէ նաեւ նախագահներու մակարդակով հանդիպում մը։ Ի պատասխան՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Այդպիսի բան այսօր տակաւին չի քննարկուիր»։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, որ ներկայիս շատ դժուար է խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի մասին։ Ան շարունակեց. «Յառաջընթացի մասին խօսիլը դժուար է, որովհետեւ կողմերու միջեւ չկայ վստահութեան մթնոլորտ։ Վստահութիւնը ի սպառ կը բացակայի։ Բոլորս ականատես եղանք զանազան յայտարարութիւններու, որոնք համահունչ են Հայաստանի արտաքին քաղաքական դիրքորոշումներուն առ այն, որ անհրաժեշտ է հաստատել այն դրութիւնները, որոնց պայմաններով կը ձեւաւորուի այդ մթնոլորտը»։

Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով՝ վերոյիշեալ պայմաններու շարքին առաջնայիններէն է հրադադարի դրութեան պահպանումը։ Շաւարշ Քոչարեան ընդ-գըծեց, որ հանդիպումները առաջին հերթին ուղղուած են այս իսկ խնդրի լուծման։ Սա կը նուազենցէ շփման գծի վրայ լարուածութիւնը։ «Դարձեալ կորուստներ ունինք, դարձեալ կրակոցներ կան, բայց այնուամենայնիւ նման հանդիպումները կը նպաստեն, որ նուազի այդ լարուածութեան մակարդակը», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼՖԱՆՕ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան ներկայացուց իտալական նախագահութեան առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրը։ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ մենք կը սատարենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքին՝ այս հակամարտութեան վերջնական համաձայնեցուած լուծում մը գտնելու համար», ըսաւ Ալֆանօ։

Բաց աստի, իտալացի նախարարը ընդգծեց, որ իրենց վերաբերմունքը նոյնը պիտի մնայ ձգձգուած հակամարտութիւններու վերաբերեալ։ ԵԱՀԿ-ի մէջ իտալական նախագահութեան շրջանին իրենք մշտապէս այդ հարցերը պիտի պահեն իրենց ուշադրութեան կեդրոնին։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018