ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Վրաստանի ճգնաժամի եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ այցելեց Երեւան, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Թոյվօ Քլաար կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Վարչապետը եւ եւրոպացի պաշտօնատարը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս։ Ան կարեւորեց Արցախի, մասնաւորապէս քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւումը վստահութեան կառուցման միջոցառումներուն։ Փաշինեան համոզուած է, որ սա կը նպաստէ շինիչ մթնոլորտի մը ձեւաւորման բանակցային գործընթացէ ներս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019