ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՑԱՒԱԼԻ ԱՐԿԱԾ. 4 ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ պատահեցաւ շատ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Չեքմէգիւղի մէջ։ Զինուորական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ եւ այս արկածը պատճառ դարձաւ ցաւալի հետեւանքներու։ Արկածը պատահած է, երբ զինուորական ուղղաթիռը կը փորձէր բնակելի տարածքի մը մէջ պարտադիր վայրէջք կատարել։ Այդ փուլին արդէն զինուորական ուղղաթիռը անկում ունեցաւ եւ դէպքին պատճառները ներկայիս կ՚ուսումնասիրուին։

Այս ցաւալի դէպքէն վերջ անմիջապէս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, որ տեղեկացուց զանազան մանրամասնութիւններ։ Առաջին ուսումնասիրութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Իսթանպուլի անվտանգութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըշքան։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետաքննութեան ձեռնարկած է այս դէպքին կապակցութեամբ։ Իսթանպուլի հանրապետական աւագ դատախազութիւնն ալ շարժման անցած է պարզելու համար դէպքին մանրամասնութիւնները։ Նահատակ զինուորներու մարմինները ենթարկուեցան դատաբժշկական քննութեան։

ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ արկածէն վերջ յայտարարեց, որ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն սկսած է մանրամասնութիւնները ճշդելու համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019