ՇՈՅԿՈՒ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։ Այս առթիւ Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար բոլոր մակարդակներու վրայ Թուրքիա եւ Ռուսաստան շփման մէջ կը գտնուին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Անգարայի մէջ երէկ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Ներկայ էր նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը մեկնած էր Ռուսաստան եւ ներկայիս Սերկէյ Շոյկույի այցելութիւնն ալ կը համարուի այդ շփումներուն շարունակութիւնը։

Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Արդարեւ, 14 փետրուարին Սոչիի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի մէկտեղուին հերթական անգամ։ Նոյնպէս տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի հերթական խորհրդաժողովը, որու ընթացքին աշխատանքը դարձեալ պիտի կեդրոնանայ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սոչիի գագաթաժողովին ընթացքին անհրաժեշտ համակարգման աշխատանքները կը շարունակուին եւ անոնք օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Հուլուսի Աքարի եւ Սերկէյ Շոյկույի երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019