ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՔԱՅԼԵՐ

Կարսի մէջ, Հայաստանի սահմանին վրայ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւնները արդէն հասած են իրենց աւարտին։ Երկու երկիրներու զինեալ ուժերու համապատասխան զօրամիաւորումները այս ռազմափորձերուն ժամանակ ուշադրութիւն գրաւեցին պայմանական թշնամիին դէմ նպատակասլաց քայլերով եւ դիպուկ գործողութիւններով։ Ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին հետեւեցան նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով։ Ներկայ էին նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր, Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Իւմիտ Տիւնտար, Ռազմածովային զօրքերու հրամանատար ծովակալ Ատնան Էօզպալ եւ Ռազմաօդային զօրքերու հրամանատար զօրավար Քիւչիւքաքեիւզ։ Հայկական լրատուամիջոցներն ալ անդրադարձած են համապատասխան իրադարձութիւններուն։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով Կարսի մէջ այցելեցին ռազմափորձերու հրամանատարական կեդրոնը։ Անոնք տեղեկութիւններ ստացան զօրավարժութիւններու ընթացքին շուրջ։ Վերլուծական խումբի ղեկավարը նախարարներուն ներկայացուց «Ձմեռ 2021» ռազմափորձերու ամփոփ ընթացքը։ Նախարարները զննեցին Թուրք զինեալ ուժերու առողջապահական ծառայութեան զրահամեքենաները, յատուկ նշանակութեամբ ջոկատներու ձմեռնային սարքաւորումները։

Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով առաջնորդուեցան նաեւ ռազմափորձերու շարահրապարակը, ուր թրքական եւ ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայինները մասնակցեցան պայմանական թշնամիի ոչնչացման ուղղեալ գործողութեան։ Այդ բոլորին մասնակցութիւն բերին նաեւ ռազմաօդային զօրքերը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ռազմափորձերուն ընդհանուր առմամբ 1268 զինուոր մասնակցեցաւ։ 190 տարբեր զինուորական ինքնաշարժ ու 218 զանազան տրամաչափով զինատեսակ օգտագործուեցաւ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան Թուրք զինեալ ուժերու «Աթաք» ուղղաթիռները։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021