ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԽՆՋՈՅՔ

Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթի եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի համատեղ ելոյթը։ Շատ փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս ձեռնարկը, որու գլխաւոր հովանաւորն էր մեր համայնքի բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Հանդիսատեսներուն տեսակէտէ անմոռանալի խնջոյք մը եղաւ երեկոյթը։ Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու պարերու գագաթնային այս ձեռնարկը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր հանդիսատեսներուն վրայ։

«Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, երեսփոխաններ՝ Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով արուեստասէրներ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Ժպիտ Քայալճըի հանդիսավարութեամբ։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին, Մուսթաֆա Սարըկիւլին, Վազգէն Պարընին եւ Նուրհան Փալաքօղլուին համար, որոնք զօրակցութիւն բերած էին այս ծրագրին։ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ալ յուշանուէր մը յանձնեց յոբելեար «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի տնօրէն Գրիգոր Ոսկանեանին։

Գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Ալթունեանի մականին ներքեւ, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Խաչիկեանի եւ Գրիգոր Ոսկանեանի վերահսկողութեան տակ «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթը այս ձեռնարկին համար պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։ Համոյթի յոբելենական շրջանի արտասահմանեան առաջին ելոյթն էր այս մէկը, որու ընթացքին «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի լիուլի արդարացուց իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը։ Թէ՛ հիւր համոյթը եւ թէ «Մարալ» համոյթը իսկապէս եզակի յաջողութիւն մը արձանագրեցին, իսկ աւարտին անոնք բեմին վրայ հանդէս եկան միասնաբար, ինչ որ խանդավառութիւնը բազմապատկեց սրահէն ներս։ Դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ գեղարուեստասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին այս երկու համոյթներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։

Ձեռնարկի աւարտին երկու համոյթներու պատասխանատուները միասնաբար ողջունեցին հանդիսատեսները եւ այսպիսի պատկառելի տեսարանով մը արդէն փակուեցան բեմին վարագոյրները։ Երէկուան երեկոյթը վստահաբար երկար ժամանակ թարմ պիտի մնայ յիշողութեան մէջ բոլոր անոնց, որոնք առիթն ունեցան ներկայ ըլլալու եւ շնչելու այդ ոգեւոր մթնոլորտը։

Ծ.Խ.- Երէկուան համերգի ընթացքին տեղի ունեցան բողոքի ցոյ-ցեր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ։ Նկատի ունենալով, որ սա գեղարուեստական ձեռնարկ մըն էր՝ ուշադրութիւնը չշեղելու համար յարմար կը նկատենք չանդրադառնալ այս խնդրին։ Այս պահանջը արդէն բեմին վրայէն ներկայացուեցաւ նաեւ օրուան հանդիսավարին կողմէ։

     

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018