ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ
Սուրիոյ հիւսիսին Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը կը յառաջանայ թիրախային քայլերով՝ հետզհետէ մօտենալով դէպի Աֆրինի կեդրոնը։ Գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր չէզոքացուած ահաբեկիչներուն թիւը արդէն հասած է 3347-ի։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շաբաթավերջին 16 գիւղ եւս մաքրագործուած է ահաբեկիչներէն։ Այսպէսով ընդհանուրին մէջ 151 գիւղ, 5 շրջան անցած է բանակի վերահսկողութեան տակ։ Այս ամբողջին մէջ 33 նուրբ կէտի վրայ սկսած են տիրել թրքական ուժերը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, շաբաթավերջի կարեւոր իրադարձութիւններէն մին ալ այն էր, որ Պոճիթէ լեռը ամբողջութեամբ մաքրագործուեցաւ ահաբեկիչներէն եւ Աֆրինի ճանապարհի վրայ ուրիշ կարեւոր կէտ մը՝ Պապլէիթի օդակայանը անցաւ բանակի վերահսկողութեան տակ։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քանի մը օր առաջ բանակին կողմէ ձեռք անցուած Ճինտերեսի մէջ ալ ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած ականներու մաքրագործումը կը շարունակուի ամբողջ թափով։
Երբ բանակը կը յառաջանայ դէպի Աֆրինի կեդրոնը, Թուրք զինեալ ուժերը նաեւ նոր կուտակումներ կ՚ընեն սահմանէն անդին՝ այս նպատակին հասնելու համար։ Շաբաթավերջին անվտանգութեան միջոցներու ներքեւ, Էօնճիւփընարի սահմանադուռէն Սուրիա մուտք գործեցին շարք մը նոր զինուորական մեքենաներ, որոնք սահմանի միւս կողմը ձեռնարկուած գործողութիւններուն պիտի զօրակցին։ Թուրքիոյ զանազան զինուորական միաւորումներէն այդ հրասայլերն ու զինուորական ինքնաշարժները նախ մեկնեցան Հաթայի Ռէյհանլը եւ Քըրըքխան գաւառակները։ Աւելի վերջ այդ բոլորը անցան սահմանին միւս կողմը՝ մասնակցելու համար գործողութիւններուն։
Մինչ այդ, ահաբեկչութենէ մաքրազերծուած շրջաններուն մէջ Թուրք զինեալ ուժերը նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը բաժնեն տեղացի ժողովուրդին։
ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ
Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած գործողութիւններուն առընթեր, Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին Իրաքի հիւսիսին ալ ոչնչացուցին ահաբեկչական որոշ թիրախներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրաքի հիւսիսին տեղակայուած ռազմախարիսխներուն դէմ յարձակման անցնելու պատրաստութեան մէջ կը գտնուէին ահաբեկիչներ, որոնց դէմ ռմբակոծումներ կատարուեցան ռազմաօդային զօրքերուն կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ 18 թիրախ ոչնչացուեցաւ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ահաբեկիչները Իրաքի հիւսիսի Հաքուրք, Զափ, Կարա, Մեթինա եւ Աւաշին-Պասիանի շրջաններէն կը պատրաստուէին յարձակումներ կատարել Թուրք զինեալ ուժերու ռազմախարիսխներու շրջաններուն վրայ։ Այս պայմաններուն լոյսին տակ, ռազմաօդային ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկեցին եւ ոչնչացուցին 18 ահաբեկչական թիրախ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընդհանուր ընթացքին։ «Մենք աչք չունինք որեւէ երկրի տարածքին կամ ինքնիշխանութեան վրայ», յայտարարեց Էրտողան հերթական անգամ։
Հանրապետութեան նախագահը ելոյթ մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան Սաքարիայի մասնաճիւղի համաժողովին ընթացքին։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա երբեք թշնամանքով չէ մօտեցած ու չի մօտենար իր հարեւաններուն եւ այլ երկիրներու դէմ։ «Որեւէ երկրի հետ չենք ուզեր վնասել մեր յարաբերութիւնները», ըսաւ Էրտողան։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա բռնագրաւման նպատակով չի մտներ Աֆրին։ Նպատակը հող նուաճել չէ։ Նպատակն է հետապնդել այն ահաբեկիչները, որոնք սադրանքներ կը կատարեն երկրին դէմ։ «Ինչպէս որ անզիջող եղած ենք մեր հայրենակիցներու իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ, այնպէս ալ նախանձախնդիր վարուած ենք միւս երկիրներու հետ մեր համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։ Յառջիկայ շրջանին ալ պիտի ընենք նոյնը։ Մեզի հետ միասին պիտի շարունակենք աշխատիլ նաեւ մեր տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար», ըսաւ Էրտողան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա բռնագրաւիչ երկիր մը չէ, միմիայն կը հետապնդէ այն ահաբեկիչները, որոնք ծուռ աչքերով կը նային իրեն։ Այս առումով Հանրապետութեան նախագահը քննադատութիւններ հասցէագրեց նաեւ ՆԱԹՕ-ին։ «Օ՜ ՆԱԹՕ, դուն ե՞րբ մեր կողքին պիտի ըլլաս», ըսաւ ան։ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա դաշինքի անդամ է, կանչուած է Աֆղանիստան, Սոմալի, Պալքաններ։ Միշտ ընդառաջած է՝ դաշինքին անդամ ըլլալու բերումով։ «Մենք մեր խոստումը յարգեցինք, սակայն դուք ձեր խոստումը չյարգեցիք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ ՆԱԹՕ-ի միւս գործընկերները երկակի խաղերու մէջ են, իսկ Թուրքիա պիտի շարունակէ վարուիլ ազնիւ ձեւով։