ԹԱՓՈՎ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ
Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ թափով կը շարունակուի քարոզարշաւը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդ վերցուցած է՝ մասնակցելու համար քարոզարշաւին եւ ժողովուրդին բացատրելու համար իր վերաբերմունքը։ Իշխանութիւնները կողմնակից են «այո»ի, որպէսզի Սահմանադրութեան ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան հեռանայ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իշխանութեան յառաջատար դէմքերու մասնակցութեամբ թափով կ՚ընթանայ «այո»ի քարոզարշաւը։ Փաշինեան երէկ այցելեց Հրազդան քաղաքը, իսկ այս առաւօտ հանրահաւաքի մասնակցեցաւ Ջերմուկի մէջ։ Իր ելոյթներուն ընթացքին ան կոչ կ՚ուղղէ ի նպաստ «այո»ի։
Այս հանրահաւաքներուն ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան ատեանի անդամները ցարդ եղած են երկրի նախկին ղեկավարներուն՝ Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կամակատարները։
«Ինչպէս ժողովուրդը վարչապետի պաշտօնը վերցուց Սերժ Սարգսեանէն, նոյն ձեւով ալ ժողովուրդը պէտք է ապրիլի 5-ին Սահմանադրական ատեանի նախագահի պաշտօնը պէտք է վերցնէ Հրայր Թովմասեանէն», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Սահմանադրական ատեանի անդամները հաւասար պատասխանատու են Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած բոլոր դժբախտութիւններուն՝ փտածութեան, ընտրակեղծիքներու եւ ապօրինութիւններու համար։ Անոնք երբեք ինքնուրոյն դատաւորի առաքելութիւն չեն ունեցած։ «Անոնք արժանի չեն Հայաստանի դրօշի եւ զինանշանի ներքեւ հանդէս գալու, անոնք պէտք է տուն երթան», ըսաւ Փաշինեան։
Վերջին օրերուն Քաջարանի մէջ մասնակցած հանրահաւաքի ընթացքին ալ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Յեղափոխութիւնը իմաստ չ՚ունենար, եթէ Սերժ Սարգսեանի կամակատար դատարանի փոխարէն ձեւաւորուի Նիկոլ Փաշինեանի կամակատար դատարանը։ Սա աւելի վատ կ՚ըլլայ, որովհետեւ ի սկզբանէ մենք բոլորս իմացած ենք, թէ անոնք եկած են խաբելու, թալանելու եւ հարստանալու համար։ Բայց մենք ձեզի խոստացած ենք, որ կու գանք յանուն արդարութեան, յանուն օրինականութեան։ Եթէ մենք հիմա իրենց կամակատար դատարանները փոխարինենք մեր կամակատար դատարաններով, մենք ձեզի կը դաւաճանինք, մենք մեզի կը դաւաճանինք, մեր արժէքներուն կը դաւաճանինք։ Հայաստանին պէտք է ինքնուրոյն, անկախ, առարկայական դատական համակարգ եւ Սահմանադրական ատեան։ Մենք իրարու հետ պիտի ընենք այս բանը։ Սա ոչ միայն պէտք է ձեզի, այլ նաեւ՝ պէտք է ինծի՝ որպէս վարչապետ»։