ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ԵՒ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՈՐԱԿԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնաժողովի գործառոյթներն ու ծաւալած գործունէութիւնը։ Ան անդրադարձաւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հեռարձակման բը-նագաւառէ ներս առկայ խնդիրներուն եւ անոնց հաւանական կարգաւորման ու օրէնսդրական լուծումներուն։

Ընդգծելով հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներու որակական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան եւ Տիգրան Յակոբեան կարեւոր համարեցին օրէնսդրական բարեփոխումներու ձեռնարկուիլը այս ոլորտի կարգաւորման համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020