ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ՝ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդի պարագայի լոյսին տակ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ ժահրէն պաշտպանուելու հիմնական նախապայմանն է մաքրութիւնը։ «Մեր քաղաքացիներէն կը խնդրեմ, որ առողջապահութեան համակարգի մասնագէտներու զգուշացումներուն հնազանդին լիարժէք։ Պաշտպանուելու առաջին նախապայմանն է մաքրութիւնը։ Մենք ալ դադրեցուցինք ձեռնուիլը եւ անցանք հեռուէն բարեւելու ձեւին», ըսաւ Էրտողան։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու ամիսները կը համարուին նուրբ։ Նախարարութիւնը եւ մասնագիտական այլ կառոյցներ այս շրջանին զանազան խորհուրդներ կու տան քաղաքացիներուն։ Այս ամբողջին մէջ կը յանձնարարուի բնակարանները յաճախ օդափոխել, խուսափիլ բազմութեան մէջ մտնելէ, զգոյշ ըլլալ հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ եւ այլն։

Կը հաղորդուի, որ երէկ Իտալիոյ մէջ քորոնաժահրի հետեւանքով մահացած է 196 հոգի։ Համաշխարհային  առողջապահութեան կազմակերպութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ ցայսօր 4607 հոգի մահացած է քորոնաժահրի հետեւանքով եւ սա կրնայ հռչակուիլ որպէս՝ համաշխարհային համաճարակ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020