ՊԻՊԵՌԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՎԷՊԸ՝ «ԼԿՐՏԱԾԸ» ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի «Լկրտածը» վէպին վերահրատարակութիւնը։ Սա հեղինակի անդրանիկ վէպն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1959 թուականին։ Հրատարակուած շրջանին իսկ դրական վերաբերմունքի արժանացած այս վէպի իրադարձութիւնները կ՚անցնին Էրէնգիւղի մէջ, որ ատենօք եղած է ամարանոց։ Այնտեղ գիւղագնացութեան մեկնած երկու ընտանիքի առօրեան կը կազմէ պատումին կմախքը։ Շարժանկարային ոճով մը քաղքենի հասարակութեան մը պատկերը գծագրած է Զաւէն Պիպեռեան։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըռի կողմէ։

Այսպէսով «Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ տէր կանգնիլ Զաւէն Պիպեռեանի թողած ժառանգութեան։ Արդարեւ, «Արաս» ցայսօր Զաւէն Պիպեռեանի այլ ստեղծագործութիւնները եւս վերահրատարակած է հայերէնով՝ ժամանակներու մէջ արժեւորելով անոր աւանդը։ Գրասէրները կը յիշեն, որ վերջին շուրջ 15 տարիներու ընթացքին «Արաս» լոյս ընծայած էր Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը»ը, «Անկուտի սիրահարներ»ը եւ «Ծովը»ը։ Այժմ «Լկրտածը» կու գայ համալրել այս շարքը՝ որպէս այս նոյն ժամանակաշրջանին հրատարակուած հեղինակի չորրորդ գործը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020