«ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՕԶԸ»

Ամերիկացի բեմադրիչ Նիքոլ Քեսսըլ գրող Լայմըն Ֆրենք Պաումի «Հրաշագործ Օզը» գիրքի հիման վրայ նոր շարժանկար մը կը նկարահանէ, կը հաղորդէ «Fox News»ը։

«Warner Bros.»ի պատկանող «New Line Cinema» աշխատանոցը որոշած է պաստառաւորել յայտնի գիրքը։ Երկարատեւ որոնումներէ յետոյ Նիքոլ Քեսսըլ աշխատանոցի ղեկավարութեան կողմէ բեմադրիչ ընտրուած է ։

Գիրքի ամենայայտնի պաստառաւորումը «MGM» աշխատանոցի 1939-ի արտադրութեան «Հրաշագործ Օզը» շարժանկարն է։ Ան ներկայացուած է «Օսքար» մրցանակի վեց անուանակարգին մէջ։

Քեսսըլ «HBO» հարթակին մէջ ցուցադրուող «Պահապանները» շարքի գործադիր արտադրողն էր։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021