ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

150 միլիոն կտոր եւ երեք տարուայ աշխատանք. Չինաստանի մէջ ստեղծուած է լեկօ-քանդակներու աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոն։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ երեք տարի շարունակ 50 ձեւագծող, ոգեշնչուելով երեւակայական սեռի անգլիացի գրող Ճոն Ռանըլտ Ռիւել Թոլքինի «Մատանիներու տիրակալը» եռերգութեամբ, 150 միլիոն կտոր լեկոներով ստեղծած են աշխարհի լեկօ-քանդակներու ամենամեծ հաւաքածոն, որ վերջերս ընդգրկուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Հաւաքածոն «Կինէս»ի գիրքին մէջ ներառուած է «աշխարհի ամենամեծ կարպընկալէ միացուող տիորամայ» անուանակարգին մէջ: Լեկօ-քանդակը ունի շուրջ 192 մեթր երկարութիւն:

Քանդակին մէջ տեղ գտած են շարք մը շինութիւններ, որոնք կը պատկերեն եռերգութեան խորհրդանշական տեսարանները: Անոնք են՝ Կոնտորի թագաւորութեան մայրաքաղաք Մինաս Թիրիթ, Սպիտակ կիրճին տեղակայուած Հելմզ Տիփի եւ Սեւ դարպասի ճակատամարտերը: Մինչ այդ, լեկոներով ստեղծուած են նաեւ լավայի հոսող գետեր, հսկայական ամրոց, ինչպէս նաեւ Սարումանի բանակի զինուորներու փոքր ձեւեր:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021