ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ՈՐՈՆԵՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։ Այվազեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ ԱՄԷ, իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Ան նշեց, որ Հայաստան կրնայ կապող օղակ մը հանդիսանալ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ՝ բազմաբնոյթ համագործակցութեան համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանօրէն անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակի։ Կարեւորուեցաւ քաղաքական երկխօսութեան թափի պահպանումը՝ ներառեալ խորհրդակցութիւններու միջոցաւ։

Որպէս առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւններ՝ առանձնացուեցան տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, պարէնային անվտանգութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան ոլորտները։ Այս առընչութեամբ ընդգծուեցաւ Հայաստան-ԱՄԷ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը։

Նախարարները կարեւորեցին ԱՄԷ-ի հայ համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը՝ փոխադարձ վստահութեան վրայ խարսխուած երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ։ Նոյն համատեսքին մէջ Արա Այվազեան բարձր գնահատեց ԱՄԷ-ի իշխանութիւններու հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքին նկատմամբ, ինչ որ հանդուրժողութեան եւ մշակութային բազմազանութեան յանձնառութեան վկայութիւնն է։

Զրոյցի օրակարգին վրայ առանցքային տեղ զբաղեցուցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ Արա Այվազեան ընդգծեց, որ Մերձաւոր Արեւելքը կարեւոր տեղ մը կը զբաղեցնէ Հայաստանի համապարփակ անվտանգութեան միջավայրին մէջ։ Իր խօսքով՝ վերջին իրադարձութիւնները ի ցոյց դրին, թէ որքանով փոխկապակցուած է Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութիւնը։ Նախարարները համակարծիք գտնուեցան, թէ հակամարտութիւնները ռազմական լուծում չունին, իսկ ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում սպառնալիք կը համարուի տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան դէմ։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021