ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը փորձեն Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները ներգրաւել իրենց նախագծերուն մէջ։ Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած Դիւանագիտական ֆորումին ժամանակ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ նմանաբնոյթ հարցեր քննարկուած են վերջին օրերուն իր ձեռնարկած ուղեւորութեան ժամանակ՝ դէպի Էօզպեքիստան, Թիւրքմենիստան եւ Խրղըզիստան։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Անգարա աշխատանք կը տանի կարգաւորելու համար այն բոլոր տագնապները, որոնք կը սպառնան տարածքաշրջանին՝ ներառեալ Կովկասը։ «Երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ազգային արժէքներու հայելին է», ըսաւ Չավուշօղլու ֆորումի ընթացքին։

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Տոհայի մէջ եռակողմանի հանդիպման մը մասնակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ Սանիի հետ։ Այս վերջնոյն տանտիրութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Քաթար տեղեկացուցին Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ իրենց մօտեցումները։ Տասն տարուայ ճգնաժամի լոյսին տակ շեշտուեցաւ, որ եռակողմանի այս նոր ձեւաչափը պիտի խրախուսէ Աստանայի գործընթացը։ Անգարայի, Մոսկուայի եւ Տոհայի միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Ուստի, այս երեք երկիրները միասնական դիրքորոշում կ՚որդեգրեն Սուրիոյ մասնատման դէմ եւ անոնց միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ անջատողական նախաձեռնութիւններու դէմ պայքարի համար։ Ընդգծուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման միակ ճանապարհը քաղաքական գործընթացն է։

Էլ Սանի, որ միեւնոյն ժամանակ Քաթարի փոխ-վարչապետն է, երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Սուրիոյ թղթածրարը եւ մարդասիրական կացութիւնը օրակարգի վրայ եկած է։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ ան յայտնեց, որ Քաթար անհրաժեշտութիւն չի զգար Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութիւն ունենալու, որովհետեւ Սուրիա արաբական երկիր մըն է եւ իրենք արաբական տարածքներու միութիւնը կը պաշտպանեն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յայտարարեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ բնական կազի վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ մարտի 23-ին Իսրայէլի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Ըստ Նեթանիյահուի, Իսրայէլ կ՚ընթանայ դէպի բնական կազ։ Այս ուղղութեամբ երկխօսութիւն հաստատած է Եգիպտոսի, Յունական Կիպրոսի, Յունաստանի եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ։ «Սա լաւ բան մըն է», ըսաւ Նեթանիյահու։ Վերջին օրերուն Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարն ալ յայտնած էր, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ համագործակցելու։

Իսրայէլէն հնչած այս յայտարարութիւնները կը բիւրեղանան Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ ստեղծուած վերջին լիցքաթափման համայնապատկերին վրայ։

Այս բնագաւառի հեռանկարներով հանդերձ, Իսրայէլ ռազմական համագործակցութիւնն ալ կը խորացնէ Յունաստանի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Յունաստան կը պատրաստուի Իսրայէլէն վարձել նոր անօդաչու թռչող սարքեր՝ հակակշռելու համար Թուրքիոյ համապատասխան գործունէութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021