ՇՔԵՂ ԲՆԱԿԱՐԱՆ

Բրիտանացի զոյգը երկյարկանի հանրաշարժը վերածած է «շքեղ բնակարանի» մը։ Այսպէս, Չարլի Մաքվիքըր եւ Լուք Ուոլքըր որոշած են միասին ապրիլ։ Անոնք գիտակցած են, որ չեն կրնար բնակարան մը գնել, կամ բնակարանի վարձ վճարել։ Զոյգը, ի վերջոյ, որոշած է Էսեքս շրջանին մէջ փոքրիկ հողակտոր մը եւ երկյարկանի հանրաշարժ մը ձեռք բերել։ Չարլի եւ Լուք հանրաշարժը գնած են գրեթէ 3.481 տոլարով, իսկ վերանորոգման համար ծախսած են 21 հազար տոլար։ Զոյգը շուրջ մէկ տարիէն վերանորոգած է հանրաշարժը։ Այժմ հանրաշարժը վերածուած է «շքեղ բնակարանի» մը, որուն մէջ կայ վառարան, լոգարան եւ հանդերձարան. ննջարանը վերի յարկն է, իսկ խոհանոցն ու հիւրասենեակը՝ ներքեւի։ Կը նշուի, որ այժմ զոյգը իրենց հանրաշարժ-բնակարանով նոյնիսկ երբեմն աշխատանքի կ՚երթայ։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021