ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐ

Աշտարակներ, երաժշտական գործիքներ եւ տարատեսակ այլ առարկաներ. ճաբոնցի վարպետը ուշագրաւ քանդակներ կը կերտէ մատիտի միջուկով։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ համացանցի մէջ յայտնի է Շիրոյի անունով, կրնայ սովորական մատիտները վերածել իրական քանդակներու: Ան կը յաջողի վարպետութեամբ փորագրել մատիտի փխրուն միջուկը եւ տպաւորիչ արուեստի գործեր ստանալ:

Ճաբոնցին մատիտի վրայ փորագրութեան սկսած է 7 տարի առաջ՝ հեռուստատեսութեամբ հաղորդում տեսնելով արուեստի այս արտասովոր ճիւղի մասին: Սկիզբին անոր համար մեծ մարտահրաւէր էր, մինչեւ որ սորվի ամուր պահել գործիքը ու ճիշդ աշխատիլ մատիտի նուրբ ու բարակ միջուկի հետ:

Ըստ ճաբոնցիի՝ այդ դժուարութիւնն է, որ արժէքաւոր ու հետաքրքրական կը դարձնէ իր ստեղծած գործերը: Իր իւրատեսակ քանդակները մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն այն պատկերները, որոնք ան կը փափաքի ստանալ: Ճաբոնցիի կերտած գործերու մէջ տեղ կը գտնեն ինչպէս առօրեայ օգտագործման առարկաներ՝ դանակ, պատառաքաղ, կղպանք, երաժշտական գործիքներ, այնպէս ալ յայտնի տեսարժան վայրեր, ինչպէս՝ Պիկ Պէն, չինական պարիսպի աշտարակն ու այլ կառոյցներ:

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021