ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԻՔՈԼԱՍ ՄԱՆԿԻՆԱՍ

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինաս։ Ան 68 տարեկան էր եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած է։ Նիքոլաս Մանկինաս Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի անձնական լուսանկարիչն էր։ Երկար տարիներէ ի վեր այդ առաքելութիւնը կ՚իրականացնէր նախանձախնդրութեամբ ու յաջողութեամբ։ Այդ պաշտօնին գլուխը համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած էր, իբր այդ դարձած էր նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ խորհրդանշական դէմք մը։

Նիքոլաս Մանկինաս ունէր հետաքրքրական կենսագրութիւն մը։ Թարապիացի ընտանիքի մը որդին էր, Պէյօղլուի մէջ հասակ առած էր, աւարտած էր Զողրաֆիոն յունաց լիսէն։ Աթէնքի մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալէ վերջ վերադարձած էր քաղաքս։ Տարտանելի պատերազմին ժամանակ նահատակուած էր իր մեծ հայրը, որու անունով կոչուած էր Նիքոլաս Մանկինաս։ Յունաց վերջին երեք պատրիարքներու պաշտօնական լուսանկարիչը եղած էր՝ նկարահանելով անոնց գահակալութեան շրջանի ամբողջ իրադարձութիւնները, նաեւ, բնականաբար, ականատեսն ու վկան դառնալով այդ բոլորին։ 

Նիքոլաս Մանկինաս վաղը ժամը 12.00-ին պիտի յուղարկաւորուի Շիշլիի յունաց գերեզմանատան մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021