ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԻՒՆՈՏ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ
Լիբանանեան տիւրզի համայնքի ամենէն հեղինակաւոր առաջնորդը՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ անցող օրերուն իր վկայութիւնը տուաւ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործը քննող միջազգային դատարանին առջեւ: Լիբանանցիներու մեծագոյն տոկոսին համար միջազգային դատարանի գործընթացը ո՛չ միայն կարեւոր է, այլ նաեւ դատաիրաւական գործընթաց մը ըլլալէ անդին նոր հանգրուանի մը առաջին փուլը կը համարուի: Լիբանանը քաղաքական սպանութիւններու «դրախտ» է: Պէյրութ, 14 Փետրուար 2005 թուականէն ի վեր մինչեւ 27 Դեկտեմբեր 2013 թուականը զանազան ցնցիչ սպանութիւններու թատերաբեմ դարձաւ: 14 Փետրուար 2005 թուականին Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի իր տասնեակ ընկերակիցներուն հետ զոհ գնաց ոճրային պայթումի մը եւ սպանութիւններու օղակը փակուեցաւ (արդեօ՞ք) 27 Դեկտեմբեր 2013 թուականին, երբ նոյն Ռաֆիք Հարիրիի խորհրդատուն եւ ելեւմուտքի նախարար Մուհամմէտ Շաթահ զոհ գնաց ոճրային ականուած ինքնաշարժի պայթումի մը: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական ուժ եւ օրակարգ ստեղծելու կարողութեան տէր՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը անկասկած, որ անկիւնադարձային էր: Այդ հանգրուանէն ետք պատահած դէպքերը կը խօսին հակամարտող երկու ուժերու մասին: 14 Մարտ 2005 թուականին Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դէմ բողոքելու համար փողոց իջած շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացիները կը պահանջէին սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը, որ տեղի պիտի ունենար աւելի ուշ՝ 27 Ապրիլ 2005 թուականին: Միւս կողմէ, կը գոյանար սուրիական վարչակարգին համակիր հանդիսացող ուժերու դաշինքը, որ կը մկրտուէր 8 Մարտ անունով (տրուած ըլլալով, որ փրօ-էսատեան ուժերը իրենց մեծագոյն հաւաքը կայացուցած էին 8 Մարտ 2005 թուականին): Այսպէս երկիրը կը բաժնուէր երկու քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ եւ այս բաժանումը կը տարածուէր երկրի բոլոր ոլորտներէն ներս: Երեւելի էր, որ բաժանումը կրօնական խորք չունէր, որովհետեւ տուեալ երկու քաղաքական ուժերուն մէջ կային թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ իսլամական թեքումով ու պատկանելիութեամբ ուժեր: Լիբանանի մէջ աճած այս շարժումը կը կոչուէր «Մայրիներու յեղափոխութիւն» եւ կը համարուէր աւելի ուշ յայտնուած «Արաբական գարնան» ճանապարհ հարթող հանգրուան մը: Տասը տարիներու քաղաքական եւ ապահովական ցնցումներով լեցուն հանգրուանը տակաւին չէ հասած իր լրումին: Երկիրը այսօր նոյնիսկ նախագահ չունի: Այս բոլորէն անդին սպանութիւններու, ներքին բախումներու, անսպասելի լարուածութիւններու ժամանակը չէ աւարտած: Անկախ անկէ, որ Լիբանան երկար ժամանակէ ի վեր միջին-արեւելեան բարդ խնդիրներու եւ շրջանային ազդեցիկ երկիրներու բախման կէտն է, այսօր դարձած է Իրան-Սէուտական Արաբիա հիմնական կռուախնձորը: Սակայն «լիբանանեան հարց»ի գլխաւոր կիզակէտային կեդրոնը՝ Սուրիան է: Սուրիոյ մէջ ընթացող դէպքերը կրնան ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի վրայ եւ այս առումով պէտք է վկայել, որ լիբանանցի սիւննիներու գլխաւոր առաջնորդ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնէ Սուրիոյ հրդեհները Լիբանանէն հեռու պահելու համար: Հարիրիի միջազգային թատերաբեմին վրայ երեւումները (Ուաշինկթըն, Ռիատ եւ յառաջիկայ օրերուն շատ հաւանաբար՝ Մոսկուա) զինք դարձուցած են որոշադրող դեր ունեցող քաղաքական դէմք: Այս բոլորին կողքին Լիբանանի համար ստեղծուած միջազգային դատարանին հեզասահ ընթացքը եւ օրեր առաջ տիւրզի թիւ մէկ ղեկավարին երեսփոխան՝ Ուալիտ Ժոմպլաթի տուած վկայութիւնը կը կարեւորուի միւս բոլոր վկայութիւններէն: Պէտք է յիշել, որ Ուալիտ Ժոմպլաթի հայրը սպաննուած է 16 Մարտ 1977 թուականին իր ծննդավայրին մօտ եղող՝ Պաաքլին աւանին մէջ: Քամալ Ժոմպլաթ, եղած է Լիբանանի արդի պատմութեան կարեւորագոյն դէմքերէն մին ու Լիբանանի «յառաջդիմական» ուժերու հիմնական դէմքը: Ան իր ընկերվարական հայեացքներով պայքարած է այդ օրերուն աջակողմեան ըմբռնումներ ունեցող իշխանութիւններուն դէմ: Ճիշդ է, որ Լիբանան գաղթած պաղեստինցիներու զինուորական ներկայութիւնը (Եասէր Արաֆաթի առաջնորդութեամբ) եւ անոնց երկիրը զինուորական դաշտի վերածելու ճիգերը ծանր արժեցին Ժոմպլաթի ուսերուն, սակայն պարզորոշ է, որ անոր համար պայքարի գլխաւոր թիրախը ընկերային արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքին հաւասարութիւն ստեղծելն էր: Վերադառնալով միջազգային դատարանի խնդրին, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առանց թաքցնելու կը յայտարարէր, որ իր հայրը սպաննուած է Սուրիոյ Նախագահ Հաֆըզ Էսատի հրամանով: Ժոմպլաթ ոճրադատական տուեալներ չտուաւ ու ըսաւ, որ իր մեղադրանքը քաղաքական է: Ան նոյնը ըսաւ Հարիրիի սպանութեան մասին ու յիշեցուց, որ միջազգային դատարանի դերը այդ սպանութիւններու բացայայտումն է:
Լիբանանի պատմութեան մէջ կարմիր արիւնով պատրաստուած թղթածրար մըն է քաղաքական գործիչներու սպանութեան թղթածրարը: Երկու նախագահ, մի քանի վարչապետ, շուրջ հինգ կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, շուրջ տասը քաղաքական գործիչներ եւ տասնեակ լրագրողներու սպանութեան թատերաբեմ դարձած երկրին համար կարեւոր է, որ այս հանգրուանին բացայայտուին Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութիւնը կազմակերպող կողմերուն ինքնութիւնը: Լիբանանի 8 Մարտի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն համար միջազգային դատարանը արժէք չունի: Կայ նաեւ այլ խնդիր մը, որ արդեօք միայն Ռաֆիք Հարիրի՞ն էր, որուն սպանութիւնը արժանի է բացայայտման: Այս մասին բարձրաձայն խօսողները սակայն կը մոռնան, որ սիւնիի վարչապետի սպանութեան բացայայտումով կանգ պիտի չառնէ արդարութեան մուրճին աշխատանքը: Հարիրիի սպանութեան բացայայտումը շատ մը այլ թղթածրարներու հանգուցալուծումը պիտի ընէ: Այդ բացայայտումները կարողութիւնը պիտի ունենան դարմանելու ծանր բեռան տակ կքած լիբանանցիներու հաւաքական յիշողութիւնը: Քիչ է թիւը այն կողմերուն, որոնք պատմութեան հետ հաշիւի նստելու կամքը ունին: Ու այդ պատճառով է թերեւս, որ ցայսօր Լիբանանի մէջ միացեալ պատմութեան դասագիրք չէ հրապարակուած: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը թէեւ կը պատկանի անցեալին, բայց եւ այնպէս, այդ պատերազմին սկիզբ տուած պայմանները եւ պատճառները տակաւին չեն վերացած ու նոյնիսկ աւելիով սրուած են: Ուալիտ Ժոմպլաթի վկայութիւնը զուտ քաղաքական էր: Անոր բոլոր խօսքերը խորքին մէջ կը ներկայացնեն Լիբանանի արդի պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանը: Վաղը այս հանգրուանը կը դառնայ պատմական անցեալ, սակայն կարեւոր է հարց տալ, թէ արդեօք լիբանանցիները պիտի սորվի՞ն անցեալի դասերէն: Արդեօք պիտի հասկնա՞ն, որ զիրենք բաժնող, հատուածներու վերածող ուժերը ո՛չ թէ կրօնական, էթնիք կամ գաղափարական նպատակներով կ՚ընեն այդ բաժանումները, այլ պարզապէս ներքին բախումներ ստեղծելու, իրարանցում յառաջացնելու եւ Արեւելքի կեղտոտ լուացքները Լիբանանի մէջ լուալու հաշիւներով կ՚առաջնորդուին:
Այսօր Սուրիոյ իշխող վարչակարգի իշխանական բուրգէն ներս կարեւոր դէպքեր կը գրանցուին: Ականատես կը դառնանք Էսատի վարչակարգի ապահովական կարեւոր գործիչներու չէզոքացման եւ մահուան: Այս անուններէն պէտք է յիշել Ղազի Քընհանի, Ժամէհ Ժամէհի եւ վերջերս մութ պայմաններու մէջ մահացած Ռըսթոմ Ղազալէի անունները: Այս անունները անմիջական կապ ունեցած են լիբանանեան թղթածրարին հետ: Եթէ պահ մը ընդունինք, որ այս մահերը Սուրիոյ վարչակարգի ամբողջական փլուզումը ախտորոշող հանգամանքներ չեն, ապա պէտք է ընդունինք, որ կրնան կարեւոր փոփոխութիւններու առաջին նախանշանը ըլլալ: Շատ հաւանաբար էսատեան վարչակարգը իր ճանապարհէն կը հաւաքէ խանգարող եւ բեռ եղող «արիւնոտ քարեր»ը: Ուշագրաւ է նաեւ, որ այս գործողութիւնները համընթաց կ՚ընթանան միջազգային դատարանի աշխատանքներուն հետ:
Սուրիոյ վարչակարգին համար լիբանանեան թղթածրարը բաւական ծանր եւ սուղ արժող հիմնահարց մըն է: Ու զարմանալի չէ, որ այդ բեռան մէջ եղող կարմիր ու արիւնոտ բիծերուն բացայայտումը աւելիով պիտի դժուարացնէ էսատեան վարչակարգին գործերը:
Հակառակ անոր, որ ցայսօր քաղաքական սպանութիւններու ժամանակը չէ աւարտած, լիբանանցիներու մեծամասնութեան համար միջազգային դատարանին կողմէ մօտիկ ապագային հնչելիք վճիռը կրնայ օգնել, որպէսզի քաղաքական հակառակորդը սպանութեան ոճով լռեցնելու ոճը վերջնականապէս դադրի:
Ի վերջոյ Լիբանանի մէջ արդարութեան, համերաշխութեան եւ համակեցութեան արդար հիմքերու վրայ դրուած հզօր պետութեան մը կառուցումը կրնայ օգտակար դառնալ, որպէսզի արիւնաքամ վիճակի մէջ յայտնուած արաբական աշխարհի կարեւոր հատուածը վերանորոգուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան