ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
«Կանգառ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ» խորագրով համերգը, Փոքրիկ Հայաստանի սրտին մէջ, Մայիսի 13-ին լոսանճելըսցիներուն պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը: Երաժիշտներ Արտեոմ Մանուկեանն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ «Այա» պարախումբը պիտի ներկայանան կատարումներով, իսկ նկարչուհի Արփինէ Շահպանտարեանը՝ իր արուեստի գործերով:
Ձեռնարկի նախաձեռնակ՝ Փոքրիկ Հայաստան համայնքի զարգացման ընկերակցութեան (Little Armenia Community Development Corporation) նախագահ Քրիստինէ Ճեկալեան կը նշէ, որ ձեռնարկին նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել դէպի Փոքրիկ Հայաստան շրջանն ու հայ համայնքը։
«Հոլիվուտի մէջ բնակող տարբեր համայնքներ (ճաբոնցիներ, թայլանտցիներ, մեքսիքացիներ եւ այլք) ունին իրենց կազմակերպութիւնները, որոնք բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կ՚իրականացնեն թէ՛ իրենց համայնքին համար, թէ՛ քաղաքին մէջ բնակող այլազգիներուն ներկայացնելու իրենց մշակոյթը: Նոյնը կ՚ուզենք ընել մենք՝ հայ համայնքին եւ օտարներուն ներկայանալու համար. այս նպատակով էր, որ ստեղծուեցաւ կազմակերպութիւնը, որուն առաջին ձեռնարկը մշակութային է: Սոյն ծրագիրը կ՚իրականացուի Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութեան տրամադրած դրամաշնորհով, որ նախատեսուած է արուեստի միջոցով մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել քաղաքի ոչ շատ ծանօթ հանրային վայրերուն: Մեր կազմակերպութեան եւ քաղաքապետարանի շահերը կը համընկնին, եւ որոշեցի ներկայացնել հայկական նախագիծ, ուր ներգրաւուած պիտի ըլլան Լոս Անճելըսի մէջ գործող արուեստագէտներ», կը տեղեկացնէ Քրիստինէ Ճեկալեան:
Ան նաեւ կը խոստանայ հետաքրքրական ու գեղեցիկ մշակութային երեկոյ՝ տաղանդաւոր երաժիշտներու մասնակցութեամբ:
«Կանգառ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ» ձեռնարկը անվճար է։
Ծրագրին ընդգրկուած են. Արտեոմ Մանուկեան (թաւջութակ), Վարդան Յովսէփեան (դաշնակ), Թիմ Լեֆեպվրէ (պաս-կիթառ), Ճոն Ճոնսըն (սրինգ), Ճին Քոյէ (հարուածային գործիքներ), ինչպէս նաեւ «Այա» պարախումբը եւ նկարչուհի Արփինէ Շահպանտարեան: