«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔԵՒ

Հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին՝ մանաւանդ սփիւռքի հայապահպանութեան տեսակէտէ այս շրջանին բաւական հասունցած է՝ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ մտայղացուած ծրագիր մը։ Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքի հասարակական կարծիքի աննախադէպ հետազօտութեան մը։ Այսպէս, Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը յառաջ կը տարուի փուլ առ փուլ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը կը գործէ Լոնտոնի Հայկական կաճառի հովանաւորութեան ներքեւ՝ խումբ մը մասնագէտներու եւ հետազօտողներու առաջնորդութեամբ։ Ներկայ գարնան այս հարցախոյզի չորրորդ փուլը կ՚իրականացուի Հիւսիսային Ամերիկայէ ներս։ Բացի Գանատայի Օնթարիոյ քաղաքի հայկական համայնքներէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հարցախոյզները կը կատարուին հայաշատ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։

Այս հետազօտութիւնը կ՚ապահովէ կազմել պատկերացում մը՝ սփիւռքի հասարակական կարծիքի եւ բազմաթիւ հարցերու շուրջ մարդոց մօտեցումներուն վերաբերեալ, ինչ որ բարձր արժէք կը ներկայացնէ։ Աշխատանքը փաստերու վրայ հիմնուած գիտելիք կ՚ապահովէ, կը տրամադրէ հանրութեան տեսակէտէ օգտակար տուեալներ՝ համայնքներու անդամներուն եւ առաջնորդներուն համար։ Սա թոյլ կու տայ աւելի լաւ հասկնալ համայնքները, ներթափանցել անոնց իրականութեան ու մանաւանդ վերլուծել՝ ծրագրերու եւ նախագիծերու մշակման մտածելակերպը։

Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան ծրագիրը կը վերահսկէ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօսներէն տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ այս կապակցութեամբ նշած է հետեւեալը. «Հետազօտութեան ընթացքին մեր զրուցակիցներէն կը փորձենք հասկնալ անոնց տեսակէտներն ու կարծիքը՝ ինքնութեան ու պատկանելիութեան վերաբերեալ այլ խնդիրներու վերաբերեալ՝ որպէս հայեր եւ որպէս զանազան երկիրներու քաղաքացիներ։ Այլ նիւթերու շարքին են լեզուն ու մշակոյթը, եկեղեցին եւ կրօնը, տուեալ համայնքին կեանքի մասնակցութիւնը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները»։

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն մամլոյ հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակեցին այս հարցախոյզի ընթացքին շուրջ։ Հարցախոյզին կրնայ մասնակցիլ 18 տարեկանը լրացուցած բոլոր հայերը։ Հարցախոյզին կարելի է մասնակցիլ զրոյցով կամ հարցաթերթիկ լրացնելով։

Առաջին անգամ 2018 թուականին սկզբնական հետազօտութեան նպատակով հայաշատ չորս համայնքէ ներս սկսած էր այս հարցախոյզը՝ Պոսթոն, Գահիրէ, Մարսէյլ եւ Փասատենա։ Արձանագրուած յաջողութեան հիման վրայ՝ 2019 թուականին ծրագիրը շարունակուեցաւ Արժանթինի, Լիբանանի, Գանատայի (Մոնրէալ) եւ Ռումանիոյ մէջ։ 2021 թուականին հարցախոյզները իրականացուեցան Պելժիոյ, Անգլիոյ, Փարիզի եւ Տոնի Ռոսթովի մէջ։ 2018 եւ 2019 թուականի հարցախոյզներու արդիւնքները հրապարակուած են առանձին-առանձին։ 2019-ի ուսումնասիրութեան արդիւնքները հասանելի են հայերէնով, անգլերէնով եւ սպաներէնով։

Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը ունի նաեւ առանձին կայքէջ մը (www.armeniandiasporasurvey.com), ուրկէ կարելի է անվճար ներբերել բոլոր զեկոյցները։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2022